ISRAEL-LEBANON-PALESTINIAN-CONFLICT

Իրան շուրջ 500 հրթիռներ արձակեց Իսրայէլի ուղղութեամբ

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով բանակին, հաղորդեց, որ աւելի քան 250 թեւաւոր հրթիռներ Իսրայէլի մէջ շրջաններ, ներառեալ ռազմակայաններ թիախաւորեցին:

Երէկ երեկոյեան Սպիտակ տունէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Սի. Էն. Էն.»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ ցուցանիշներ ունին, թէ Իրան Իսրայէլի վրայ թեւաւոր հրթիռներու անմիջական յարձակումի կը պատրաստուի: Քանի մը ժամ ետք իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Իրանէն Իսրայէլի հողերուն վրայ հրթիռներ արձակուեցան: Սկզբնապէս իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» թերթը հաղորդած էր, որ Իրանէն Իսրայէլի ուղղութեամբ 102 հրթիռներ արձակուեցան, սակայն անոնց իսկական թիւը շուրջ 500 էր:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանը, յղում կատարելով բանակին, հաղորդեց, որ աւելի քան 250 թեւաւոր հրթիռներ Իսրայէլի մէջ շրջաններ, ներառեալ ռազմակայաններ թիախաւորեցին:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց, որ այս գործողութեամբ իրենք հարուածեցին Իսրայէլի մէջ կարեւոր թիրախներ` Համասի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի եւ Յեղափոխական պահակագունդի հրամանատարներէն Նելֆրոշանի վրէժը լուծելու համար:

Իսրայէլի պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը` մէջբերելով իսրայէլացի պաշտօնատար մը, հաղորդեց, որ Իսրայէլ չափազանց ուժեղ կերպով պիտի հակադարձէ այն յարձակումին: Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը պատասխանեց նշելով. «Այս գործողութեան իսրայէլեան որեւէ զինուորական հակադարձութիւն աւելի քանդիչ եւ ուժեղ յարձակումներով պիտի դիմակայուի:

Ամերիկայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը «Հատաս»-ին յայտնեց, որ ամերիկեան օդային պաշտպանութեան համակարգերը մասնակից եղան Իսրայէլի վրայ յարձակումին ետ մղման: ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի պատուիրակութիւնը յայտարարեց, որ եթէ Իսրայէլ յանդգնի հակադարձել, իրանեան հակադարձութիւնը զգետնիչ պիտի ըլլայ:

Աղչբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 08:26