++ Media, 'l'Iran ha lanciato decine di droni verso Israele' ++

Ապահովութեան Խորհուրդի Շտապ Նիստ պահանջելով` Իրան ինքնիրեն կը վերապահէ Իսրայէլեան յարձակումին հակադարձելու իրաւունքը

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի իր կարգին յայտնեց. «Իրանի վրայ իսրայէլեան գոյացութեան յարձակումը ոտնահարում կը նկատուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին, որոնք Իրանը կը լիազօրեն ինքնապաշտպանութեան դիմելու»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց, որ Իրան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին համահունչ ինքնիրեն կը վերապահէ «օրինական ու իրաւացի կերպով պատշաճ ժամանակին այս ոճրային յարձակումներու հակադարձելու իրաւունքը»:

Ան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն ու Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց այս յարձակումները յստակօրէն դատապարտող կեցուածք որդեգրել եւ միջազգային ընտանիքին ցոյց տալ, որ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան այսպիսի ոտնահարումները անպատասխան պիտի չմնան:

«Աւելի՛ն, Իրան Ապահովութեան խորհուրդի նախագահէն կը պահանջէ շտապ նիստ գումարել` դիմակայելու համար այս մեծ ոտնահարումն ու անօրինական քայլերը, եւ երաշխաւորելու այս ոճրային գոյացութեան հաշուետուութեան ենթարկումը», յայտնեց Արաղչի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաքայի իր կարգին յայտնեց. «Իրանի վրայ իսրայէլեան գոյացութեան յարձակումը ոտնահարում կը նկատուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին, որոնք Իրանը կը լիազօրեն ինքնապաշտպանութեան դիմելու»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նախագահութիւնը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ խորհուրդը այսօր Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ վերջին մագլցումին շուրջ նիստ պիտի գումարէ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2024, 07:59