Լիբանանի դէմ յարձակում, պատերազմ, Իսրայէլ Լիբանանի դէմ յարձակում, պատերազմ, Իսրայէլ 

Իսրայէլ կը շարունակէ Լիբանանի վրայ իր բուռն յարձակումները

Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները թիրախաւորեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի «Թոթալ» կայարանը, Ղպէյրիի շրջանի Պըրժաուի թաղին մէջ շէնք մը, ինչպէս նաեւ Սֆէյր, Պըրժ Պարաժինա, Սահրա Շուէյֆաթ, Հայ Ամերքան, Մրէյժէ, Լայլաքի եւ Հարեթ Հրէյք շրջանները:

Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսէն սկսեալ տասնեակներով բուռն յարձակումներ գործեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ, իսկ Հըզպալլան շարունակեց թիրախաւորել իսրայէլեան քաղաքներն ու զինուորական դիրքերը, նախ եւ առաջ Հայֆան, Խտէյրան եւ Քարմելը, ինչպէս նաեւ դէմ դնել իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանան ներթափանցելու փորձերուն:

Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումները թիրախաւորեցին Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի «Թոթալ» կայարանը, Ղպէյրիի շրջանի Պըրժաուի թաղին մէջ շէնք մը, ինչպէս նաեւ Սֆէյր, Պըրժ Պարաժինա, Սահրա Շուէյֆաթ, Հայ Ամերքան, Մրէյժէ, Լայլաքի եւ Հարեթ Հրէյք շրջանները:

Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ Պէյրութի շրջանին մէջ Հըզպալլայի մարտական միջոցներ եւ զինուորական ենթակառոյցներ թիրախաւորած է:

Հարաւային Լիբանանի մէջ իսրայէլեան օդային յարձակումները կեդրոնացան Սուրի գաւառի Քֆարշուպա, Պընթ Ժպէյլ, Թպնին, Պազուրիէ, Այն Պաալ, Տէյր Ամես գիւղերուն վրայ, Պեքաայի մէջ Պաալպեք քաղաքի, Նիհա, Թարայիա, Ալի Նահրի եւ կարգ մը այլ գիւղերու վրայ:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ հրթիռակոծած եւ ուղղակի կերպով հարուածած է Մանարա բնակեցման վայրին ու անոր մերձակայքին մէջ գտնուող իսրայէլացի զինուորներու կուտակում մը, ապա հրթիռակոծած է նաեւ իսրայէլեան ուժերը` վիրաւորներն ու սպաննուածները տեղափոխելու ընթացքին:

Հըզպալլա հրետանիով ռմբակոծած է իսրայէլեան ուժ մը, որ կը փորձէր Պլիտայի մէջ Խալլեթ Շհէյպի ուղղութեամբ յառաջանալ, եւ ստիպած, որ նահանջէ:

Կուսակցութիւնը նաեւ քամիքազ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործած է «Սամսոն» ռազմակայանին մէջ սպաներու եւ զինուորներու կեդրոնացման վայրերը:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակի` Լիբանանի դէմ ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսելէն ի վեր իսրայէլեան մասնայատուկ ուժերէն սպաննած է աւելի քան 25 սպաներ ու զինուորներ եւ վիրաւորած աւելի քան 130 զինուորներ:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներ շաբաթ օր յաւելեալ 145 քաղաքացիներ երկու օդանաւերով Թուրքիա փոխադրեց: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չնշեց անոնց քաղաքացիութիւնը, սակայն յայտնեց, որ իւրաքանչիւր օդանաւ կրնար 300 ճամբորդ փոխադրել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ընդգծեց, որ մինչեւ հիմա Միացեալ Նահանգներու Լիբանանի մէջ հաստատուած 600 քաղաքացիներու օգնած է իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ Միացեալ Նահանգներու կազմակերպած թռիչքներուն ճամբով Լիբանանէն հեռանալու:

Լիբանանեան ապահովական երկու աղբիւրներ «Արապիա»-ին յայտնեցին, որ Հըզպալլայի ղեկավարներէն սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտինի հետ կապը ուրբաթ օր Հարաւային արուարձաններու վրայ յարձակումէն ի վեր կտրուած է: Աղբիւրները նշած են, որ յարձակումի ընթացքին Սաֆիէտտինի հետ սպաննուած են Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն սպաներ:

Լիբանանեան ապահովական աղբիւր մը «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ին հաղորդեց, որ լիբանանեան ապահովական աղբիւրի մը կարծիքով` «Հարաւային արուարձաններուն մէջ թիրախաւորուած վայրէն ոեւէ մէկուն վերապրելու կարելիութիւնը բացառուած է»` աւելցնելով, որ Սաֆիէտտինի գտնուած վայրը հասնիլ դժուար է «Հարաւային արուարձաններուն վերեւ իսրայէլեան օդուժին աշխուժ գործունէութեան պատճառով»:

Հըզպալլայէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Մենք չենք գիտեր, եթէ Սաֆիէտտինը ուրբաթ օր օդային յարձակումի ենթարկուած վայրը կը գտնուէր»:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն աղբիւր մը ԻՍՆԱ լրատու գործակալութեան հերքեց այն լուրերը, թէ պահակագունդի «Քուտս» զօրամասի հրամանատար Քաանին Հարաւային արուարձաններուն վրայ իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած է` նշելով, որ ան Թեհրան է եւ Պէյրութ չէ այցելած:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2024, 08:14