Իսրայէլեան օդուժը 7-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Լիբանանի վրայ իր յարձակումը
Իսրայէլեան օդուժը 7-րդ օրն ըլլալով շարունակեց Լիբանանի վրայ իր օդային յարձակումները եւ միեւնոյն ժամանակ շարունակեց ցամաքային ներխուժման պատրաստութիւնները:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ արշալոյսին յարձակում գործեց Պէյրութի Քոլա շրջանին վրայ: Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատը յայտարարեց, որ յարձակումին հետեւանքով իր ղեկավարներէն երեքը մահացած են:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում գործեց Սուրի պաղեստինեան Պաս գաղթակայանին վրայ: Համաս շարժումը յայտարարեց, որ յարձակումին պատճառով մահացած է Լիբանանի մէջ շարժումի ղեկավար Ֆաթհ Շարիֆ Ապուլամինը:
Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Սուրիոյ հետ Ժտէյտեթ Եապուս սահմանային անցակէտին վրայ: «Հատաս» հաղորդեց, որ արշալոյսին տեղի ունեցած յարձակումը թիրախաւորած է բնակարան մը, ուր Հըզպալլայի անդամներ կը բնակէին: Նահատակուած են Հըզպալլայի փոխադրութեան պատասխանատուն եւ անոր վարորդը:
Իսրայէլեան օդուժը երէկ բուռն յարձակումներ գործեց Պաալպեքի շրջանին վրայ:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը վնասազերծած է անօդաչու թռչող սարք մը, որ դէպի Քարիշ քարիւղի դաշտի հորատման հարթակ կ՛ուղղուէր:
Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակը շարունակեց Լիբանան ներխուժելու իր պատրաստութիւնները: Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց. «Ուժերը հիւսիսային ճակատին վրայ կը կուտակուին եւ կը պատրաստուին Լիբանան մուտք գործելու: Քաղաքական եւ զինուորական մակարդակներու վրայ միաձայնութիւն գոյութիւն ունի, թէ Լիբանան ներխուժումը ժամանակի հարց է»:
Ապահովական աղբիւր մը կայքին յայտնեց, որ իսրայէլեան բանակը «հարաւային Լիբանանի եւ շրջանին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու համար գործողութիւններու նոր ծրագիրներ կը պատրաստէ»:
«Նախքան ցամաքային ներխուժումը Հըզպալլայի պատրաստութիւններուն, մասնաւորաբար «Ռատուան» ուժին մասին հետախուզական տեղեկութիւններ կը հաւաքենք», աւելցուց ան:
Ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը եւս հաղորդեց, որ Իսրայէլ իր ուժերը կը կուտակէ Լիբանանի հետ սահմանին մօտ ցամաքային հաւանական գործողութիւն մը շղթայազերծելու համար:
«Հաարեց» իր կարգին հաղորդեց. «Իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութենէն բարձրաստիճան պատասխանատուներ ճնշում կը գործադրեն Լիբանանի ցամաքային ներխուժումը սկսելու համար»:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնած է. «Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներուն յայտնեց, թէ կը ծրագրէ Լիբանանի մէջ սահմանափակ ցամաքային գործողութիւն մը, որ շուտով պիտի սկսի»: Պաշտօնատարը նաեւ նշեց. «Իսրայէլի ծրագրած ցամաքային գործողութիւնը 2006 թուականին Հըզպալլայի դէմ անոր պատերազմէն աւելի փոքր պիտի ըլլայ»:
«Իսրայէլեան ցամաքային հաւանական գործողութիւնը կը կեդրոնանայ սահմանին վրայ Հըզպալլայի ենթակառոյցներու վերացման վրայ», ըսած է ամերիկացի պաշտօնատարը:
Աղբիւրներ «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին յայտնեցին, որ ցամաքային գործողութեան յետհաշուարկը սպասուածէն աւելի արագ կ՛ընթանայ` նշելով, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի շուտով հրասայլերու օգտագործման նախատեսելուն վերաբերեալ յայտարարութիւնը Իսրայէլի մտադրութիւնը յայտարարող իսկական հաղորդագրութեան համազօր է:
Աղբիւրները «Ճերուզալեմ Փոսթ»-ին յայտնած են, որ ցամաքային ներխուժման տարողութեան մասին որոշում չէ տրուած եւ կը նախատեսուի, որ հարաւային Լիբանանի մէջ բաժիններով սահմանափակուի:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնեցին. «Իսրայէլ Լիբանանի մէջ լայնածաւալ ներխուժում չշղթայազերծելու առումով Միացեալ Նահանգներու կողմէ մեծ ճնշումներու կ՛ենթարկուի:
Ամերիկեան «Փոլիթիքօ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛ամրապնդեն Միջին Արեւելքի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը` առ ի պատրաստութիւն բռնարարքներու հաւանական մագլցումին:
Ամերիկեան բանակը նախապէս յայտարարած էր, թէ որոշած է Միջին Արեւելքի մէջ իր օդային աջակցութեան կարողականութիւնը ամրապնդել եւ իր կարգ մը ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ դրած է տեղակայուելու շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ Իրանը զգուշացուց տագնապին ծիրը ընդլայնելէ:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Ռայտըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ վճռական են արգելք հանդիսանալու Իրանին, անոր գործընկերներուն եւ գործակատարներուն կողմէ կացութեան շահագործման կամ տագնապին ընդլայնման»:
«Եթէ Իրանը, անոր գործընկերները կամ գործակատարները այս պահը շահագործեն թիրախաւորելու շրջանին մէջ անձեր կամ ամերիկեան շահեր, ապա Միացեալ Նահանգներ անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի որդեգրեն իրենց քաղաքացիները պաշտպանելու համար», զգուշացուց Ռայտըր:
Միւս կողմէ, լաւատեղեակ աղբիւրներ բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին յայտնեցին. «Հըզպալլան տակաւին չընկալեց իր կրած վնասներուն տարողութիւնը, մինչ անոր հաղորդակցութեան կապերը քայքայուած են, եւ օդային յարձակումները կը շարունակուին»:
«Հըզպալլան կարիք ունի իր ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի սպանութեան հակադարձութեան նախագծման սկսիլ», օրաթերթին նշեց լաւատեղեակ աղբիւր մը` շեշտելով. «Հասան Նասրալլայի սպանութեան Հըզպալլայի հակադարձութիւնը մինչեւ հիմա կատարած որեւէ բանէն աւելի բուռն պիտի ըլլայ»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ