Քազանի մէջ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովի բացում
Ռուսիոյ Քազան քաղաքին մէջ երէկ բացումը կատարուեցաւ ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսին, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանը, Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ Մոհամետ Պըն Զայետ Ալ Նահիանը, Եթովպիոյ վարչապետ Ապի Ահմետը, Հարաւային Ափրիկէի նախագահ Սիրիլ Ռամաֆոսան եւ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Լուիս Իէքեր Վիէյրան:
Փութին ՊՐԻՔՍ-ի ղեկավարներու սեղմ նիստի ընթացքին յայտարարեց, որ բազմաբեւեռ աշխարհին մէջ արմատական փոփոխութիւններ կան:
Ան նշեց, որ Ռուսիան կը ձգտի ամրապնդել ՊՐԻՔՍ-ի դիրքը եւ կեդրոնանալ միջազգային ու տեղական խնդիրներու լուծման վրայ:
Փութին շեշտեց, որ այս տարուան աւարտին համաշխարհային տնտեսութեան մէջ ՊՐԻՔՍ-ի պետութիւններու բաժինը պիտի կազմէ 36,7 առ հարիւր, ինչ որ «Եօթներու խմբակ»-ի բաժինէն մեծ է` աւելցնելով. «ՊՐԻՔՍ-ը աշխարհի վրայ ամէնէն հզօր տնտեսական խմբակը դարձաւ»:
Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ տոլարը իբրեւ զէնք օգտագործելը կ՛ականահարէ անոր նկատմամբ վստահութիւնը, եւ Ռուսիան անկէ չի հրաժարիր, սակայն ստիպուած է այլընտրանքներ փնտռելու:
Ան առաջարկեց ՊՐԻՔՍ-ի գործընկեր պետութիւններու ցանկ մը կազմել եւ զայն վաւերացնել Քազանի վեհաժողովէն բխելիք հաղորդագրութեան մէջ: Ան նաեւ առաջարկեց անդամ պետութիւններու միջեւ հացահատիկի սակարան ստեղծել:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ