ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 

Իսրայէլեան ուժերը դարձեալ թիրախաւորեցին ՖԻՆԻՒԼ-ը

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իսրայէլի պատուիրակ Տանի Տանոն յայտարարեց, որ Իսրայէլ Հըզպալլայի դէմ կռիւին վրայ կեդրոնացած է եւ կը յանձնարարէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 5 քիլոմեթր հիւսիս տեղափոխել:

Իսրայէլեան բանակը երէկ թիրախաւորեց Նաքուրայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի սրիլանքական ջոկատի հսկողութեան աշտարակը: Սրի Լանքա յայտարարեց, որ իր զինուորներէն երկուքը վիրաւորուած են:

ՖԻՆԻՒԼ յայտարարեց. «Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ, վտանգաւոր զարգացում է»` ընդգծելով. «Խաղաղապահ զինուորներու վրայ որեւէ դիտաւորեալ յարձակում միջազգային մարդասիրական օրէնքի եւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում է»:

ՖԻՆԻՒԼ մէկ օր առաջ հաղորդած էր, որ իր անդամներէն երկուքը վիրաւորուած են, երբ իսրայէլեան հրասայլ մը կրակ բացած էր Ռաս Նաքուրայի մէջ խաղաղապահ ուժերու կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող հսկողութեան աշտարակի մը վրայ: Ինտոնեզիա յայտարարեց, որ իր զինուորներէն երկուքը վիրաւորուած են:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Իսրայէլի պատուիրակ Տանի Տանոն յայտարարեց, որ Իսրայէլ Հըզպալլայի դէմ կռիւին վրայ կեդրոնացած է եւ կը յանձնարարէ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը 5 քիլոմեթր հիւսիս տեղափոխել:

Սպիտակ տունը «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց իսրայէլեան բանակին կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորման նկատմամբ:

«Կը հասկնանք, որ Իսրայէլ Կապոյտ գիծին մօտ նոր գործողութիւններ կը կատարէ` քանդելու համար Հըզպալլայի ենթակառոյցը, որ կրնայ իսրայէլացի քաղաքացիներու վտանգման համար օգտագործուիլ», ըսաւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբերը` աւելցնելով. «Մինչ այդ գործողութիւնները կը կատարեն, պէտք է չվտանգեն ՄԱԿ-ի խաղաղապահներուն անվտանգութիւնը»:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իսրայէլեան ուժերուն կողմէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ կրակոցի դէպքը նկատեց «մտահոգիչ եւ անընդունելի»:

«Քանատան կոչ կ՛ուղղէ` պաշտպանելու խաղաղապահ ուժերն ու մարդասիրական ոլորտի աշխատակիցները, եւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ նաեւ միջազգային մարդասիրական օրէնքը յարգելու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

ԱՖՓ հաղորդեց, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել յայտնած է. «Իսրայէլի` հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժը թիրախաւորելը անընդունելի է»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Իսրայէլի` ՖԻՆԻՒԼ-ին վրայ կրակ բանալուն նկատմամբ` նշելով, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերուն վրայ որեւէ յարձակում կը դատապարտէ:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ իսրայէլեան իշխանութիւններէն բացատրութիւններ կը սպասէ` ընդգծելով. «Խաղաղապահ ուժերու պաշտպանութիւնը յանձնառութիւն մըն է, որ որեւէ տագնապի մէջ բոլոր կողմերուն կը վերաբերի»:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ իրերայաջորդ յարձակումներէն ետք իր մօտ կանչեց Փարիզի մէջ Իսրայէլի դեսպանը:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Քրոսեթօ Իսրայէլը ամբաստանեց «հաւանական պատերազմական ոճիրներ» գործելու յանցանքով: Ան Հռոմի մէջ Իսրայէլի դեսպանը իր մօտ կանչեց ՖԻՆԻՒԼ-ը ռմբակոծումի ենթարկելու դէմ բողոք ներկայացնելու համար:

«Իսրայէլեան ուժերու ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին դէմ իրերայաջորդ թշնամական արարքները կրնան պատերազմական ոճիրի համազօր ըլլալ եւ հաստատօրէն միջազգային մարդասիրական օրէնքի կանոններուն շատ վտանգաւոր խախտումներ են»:

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նիփինզիա Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնեց. «ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը եւս իսրայէլեան յարձակումներու թիրախներ դարձան, եւ ատիկա, ինչպէս բոլորս կը հասկնանք, պատերազմական ոճիր է, որ մեր կողմէ աւելի վճռական հակազդեցութեան արժանի է»:

Ան նշեց, որ Իսրայէլ փոխան դիւանագիտութեան մագլցումը ընտրեց:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես դատապարտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի դիրքին վրայ կրակոցը եւ նշեց. «Իսրայէլին յստակ դարձուցինք, թէ այս դէպքին վրայ կարելի չէ աչք փակել»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թուրքիան կը դատապարտէ ՖԻՆԻՒԼ-ի վրայ իսրայէլեան յարձակումները` նշելով. «Կազայի, Այսրյորդանանի եւ Լիբանանի մէջ քաղաքայիններու դէմ ջարդեր գործելէ ետք, ՄԱԿ-ի ուժերուն վրայ Իսրայէլի յարձակումները փաստ են անոր այն պատկերացումին, թէ իր ոճիրները անպատիժ պիտի մնան: Միջազգային ընտանիքը պարտաւոր է Իսրայէլի կողմէ միջազգային օրէնքի յարգումը երաշխաւորելու: Թուրքիան փոքր մարտանաւով եւ 5 անձերով մասնակից դարձաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ծովային առաքելութեան եւ պիտի շարունակէ խաղաղապահութեան նոյնպիսի նախաձեռնութիւններուն ու առաքելութիւններուն աջակցիլ»:

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Իբրեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերու մէջ մասնակցութիւն ունեցող երկիր` Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիին թիրախաւորումը»:

Նախարարութիւնը յիշեցուց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի համապատասխան բանաձեւերու համաձայն, կոչուած է ամրապնդելու կայունութիւնը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2024, 08:41