Մեսրոպեան վարժարան Մեսրոպեան վարժարան  (RAFFI)

Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները այսօր կը բանան իրենց դռները

Լիբանանի մէջ գործող Հայ Կաթողիկէ Վարժարանները այսօր (Երեքշաբթի) կը վերաբանան իրենց դռները։

Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարանները այսօր կը բանան իրենց դռները։ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն, Տիար Գալուստ հաղորդեց, որ  կրթական տարեշրջանի վերամուտը տեղի պիտի ունենայ  հանգրուանային կերպով եւ  վարժարաններու  աշակերտները դպրոց պիտի վերադառնան  հերթաբար։ Մինչ առաջին օրը վերին դասարաններու ուսանողները պիտի վերադառնան  ու ապա հերթաբար միւս դասարաններու աշակերտները։ 

Նշենք, որ  այս որոշումը տալու համար Հայ Կաթողիկէ Վարժարաններու  պատասխանատուները մասնակից դարձած էին Լիբանանի Կաթողիկէ վարժարաններու արտահերթ նիստերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2024, 07:30