Լիբանանի Հայ Աւետարանական համայնքը՝ Հարաւի գաղթականներու կողքին
Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակին առընթեր գաղութային մարմիններ իրենց ունեցած բոլոր կարելիութիւնները ժողուելով կը փորձեն օգնութեան փութալ իրենց իսկ երկրին մէջ գաղթական դարձած Հարաւի բնակիչներուն։
Այս առումով ալ օրերս երախտարժան առաքելութեան մը ընթացք տուած է Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը, առաջնորդութեամբ ժրաջան հովիւ՝ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի։
Ստորեւ սոյն նախաձեռնութեան մասին համացանցով տարածուած հաղորդագրութիւնը։
Յայտարարութիւն՝ ՄԱՀԱԵ Միութեան Կեդրոնական Մարմինի կողմէն.
Մինչ Լիբանանի մէջ կը դիմագրաւենք պատերազմական իրավիճակ մը, կ՚ուզենք ձեզ տեղեկացնել թէ մեր եկեղեցիները, հաստատութիւնները եւ Միութիւնը իր բաժինը կը բերէ ներկայ ճգնաժամին դիմաց, ինչպէս նախապէս ըրած ենք վերջին տարիներուն՝ այլ ճգնաժամերու պարագաներու։
Ինչպէս մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս հրամայած է մեզի, թէ՝ «այս իմ եղբայրներուս ամէնէն պզտիկներէն մէկուն» շօշափելի կերպով օգնենք, եւ նաեւ թէ մեր դրացին ան է որ մեզի պէտք ունի, կը հնազանդինք եւ ողորմութեամբ եւ սիրով կը ծառայենք, Աստուծոյ օգնութեամբ։
Մեր հաստատութիւնները եւ կամաւոր աշխատողները, ուրիշ շատ շատերու կողքին, կը հասցնենք ուտեստեղէն, անկողին, եւ այլ պիտոյքներ, ու պէտք եղած պարագային ալ ապահով սենեակ մը, բոլորը կարեկցութեամբ։
Աղօթքով միացէք այս ջանքին, որ պատերազմը դադրի եւ խաղաղութիւն տիրէ Լիբանանի եւ ամբողջ տարածաշրջանին վրայ։
-ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմին
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ