Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը լրագրողներու եւ տեղեկատուական կառոյցներու վրայ Իսրայէլեան յարձակումներուն դէմ ապահովական խորհուրդին բողոք ներկայացուց
Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերով նախարարութիւնը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի մնայուն ներկայացուցչութեան ճամբով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացուց Հասպայայի եւ Ուզահիի մէջ լրագրողներու եւ տեղեկատուական կառոյցներու վրայ իսրայէլեան վերջին յարձակումներուն դէմ, որոնք յանգեցան լուսանկարողներ Ուիսամ Քասեմի եւ Ղասան Նաժժարի, սփռումի ճարտարագէտ Մոհամետ Ռիտայի սպանութեան, ինչպէս նաեւ շարք մը լրագրողներու եւ լուսանկարողներու վիրաւորման:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Լիբանան տեղեկատուական ոլորտին վրայ իսրայէլեան յարձակումները կը նկատէ պատերազմական ոճիր, որ կ՛ենթադրէ հաշուետուութեան ենթարկել Իսրայէլը եւ զայն պատժել, որովհետեւ կ՛ականահարէ ազատ մամուլի հիմքերը:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց. «Լիբանան Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն կոչ ուղղեց` ազդու քայլեր որդեգրելու` անմիջական զինադադար հաստատելու եւ դադրեցնելու Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին վրայ իսրայէլեան յարձակումները, ներառեալ քաղաքայիններուն, լրագրողներուն եւ շտապ օգնութեան աշխատաւորները»:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ