Լիբանան, պատերազմ, Իսրայէլ Լիբանան, պատերազմ, Իսրայէլ  (AFP or licensors)

Միքաթի ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն ու նուիրատու երկիրներու դեսպաններուն կոչ ուղղեց` Լիբանանի կողքին կանգնելու

«Ձեր բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` շարունակելու Լիբանանի կողքին կանգնիլ, եւ մեզի օգնելու պաշտպանելու մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք կարողանան անվտանգ վերադառնալ իրենց տուներն ու բնակավայրերը», եզրափակեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ներքին տեղահանութեան տագնապի դիմակայման կառավարութեան ծրագիրին ծիրին մէջ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններուն եւ նուիրատու երկիրներու դեսպաններուն հետ գումարեց ժողով մը:

Միքաթի ժողովի սկիզբը արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ յայտնեց. «Այսօր հաւաքուած ենք այնպիսի պահու մը, երբ Լիբանան կ՛ապրի իր պատմութեան ամէնէն վտանգաւոր պահերէն մէկը, երբ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շուրջ մէկ միլիոն անձ տեղահանուեցաւ, Իսրայէլի Լիբանանի վրայ շղթայազերծած քանդիչ պատերազմին պատճառով:

«Մենք անդուլ կերպով ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն հետ կ՛աշխատինք ապահովելու լիբանանցի տեղահանուածներու հիմնական կարիքները, ինչպէս ըրինք Լիբանանի անցած բոլոր դժուար փուլերուն ընթացքին»:

Ան աւելցուց. «Մեծապէս կը գնահատենք ՄԱԿ-ի մնայուն աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ կը գնահատենք աջակցութիւնը արաբական եղբայրական պետութիւններուն եւ այլ բարեկամ պետութիւններու: Այսօր շտապ կոչ կ՛ուղղենք յաւելեալ աջակցութիւն տրամադրելու` ամրապնդելու համար տեղահանուած քաղաքայիններուն հիմնական օժանդակութիւններ տրամադրելու մեր շարունակուող ջանքերը»:

«ՄԱԿ-ի հաստատութիւններուն հետ գործակցութեամբ ու գործընկերութեամբ ստեղծեցինք մարդասիրական օժանդակութիւններու արագ, ազդու եւ թափանցիկ տրամադրման ապահովման որոշակի եւ յստակ շրջագիծ մը», ըսաւ Միքաթի:

«Ձեր բոլորին կոչ կ՛ուղղենք` շարունակելու Լիբանանի կողքին կանգնիլ, եւ մեզի օգնելու պաշտպանելու մեր ազնիւ ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի անոնք կարողանան անվտանգ վերադառնալ իրենց տուներն ու բնակավայրերը», եզրափակեց վարչապետի պաշտօնակատարը:

Նշենք, որ «Արապիա» երէկ հաղորդեց. «Լիբանան նուիրատու երկիրներէն տեղահանուածներու կարիքներու բաւարարման համար 426 միլիոն տոլար պիտի խնդրէ»:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 08:36