Իտալիոյ վարչապետ Մելնոի եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի Իտալիոյ վարչապետ Մելնոի եւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի  (ANSA)

Իտալիոյ վարչապետը Պէյրութէն յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումը անընդունելի է»

Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպումէն ետք Մելոնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իտալիոյ վարչապետին այցելութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին զօրակցութեան արտայայտութիւնն է, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան իտալական աջակցութեան պատգամ:

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի երէկ կէսօրէ ետք հասաւ Պէյրութ, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Միքաթի վարչապետարանին մէջ հանդիպումէն ետք Մելոնիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Իտալիոյ վարչապետին այցելութիւնը Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին զօրակցութեան արտայայտութիւնն է, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան իտալական աջակցութեան պատգամ:

«Քննարկեցինք հարաւի մէջ ընթացող պատերազմը եւ վերահաստատեցինք, որ դիւանագիտական լուծումը պէտք է պատերազմէն, բռնութենէն ու քանդումէն առաջնակարգ ըլլայ, եւ անիկա նախ եւ առաջ կ՛ենթադրէ Իսրայէլի կողմէ զինադադարի լիարժէք յարգում, կառչիլ միջազգային օրէնքին ու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական կերպով գործադրութեան»:

Իտալիոյ վարչապետը իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի թիրախաւորումը անընդունելի է, եւ պէտք է երաշխաւորել անոր անվտանգութիւնը:

Նշենք, որ Իտալիան ՖԻՆԻՒԼ-ին մաս կազմող երկիրներէն է:

«Բոլորս կ՛աշխատինք Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի համար», ըսաւ Մելոնի:

Իտալիոյ վարչապետը նաեւ նշեց. «Յանձնառու ենք Լիբանանի մէջ տեղահանուածներուն հարցը եւրոպական մակարդակի վրայ քննարկելու»:

Մելոնի ապա այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 07:41