2021.01.26 Monastero di Dadivank in Artsakh

Ատրպէյճանի կողմէ Դադիվանքի եւ Գանձասարի պատմութեան կեղծարարութիւնը. Monument Watch

Պատահական չէ Արցախի երեք առաւել յայտնի եւ հռչակաւոր վանքերու ընտրութիւնը: Ատրպէյճանի թիրախին դիմաց այս վանքերը եւ յատկապէս Գանձասարը եւ Ամարասը յայտնուեցան Սեպտեմբեր 2023ի պատերազմէն ետք, երբ Արցախ ամբողջութեամբ գրաւուեցաւ եւ վերոյիշեալ Ռիզվան Հուսէյնով յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս յուշարձաններուն», գրած է Monument Watch-ը:
Ունկնդրէ այս եւ օրուան այլ լուրերը

Պատմութեան կեղծարար Ռիզվան Հուսէյնով վերջերս այցելեց բռնագրաւուած Արցախ եւ Գանձասարի, Դադիվանքի եւ Ամարասի վանական համալիրներուն մէջ տեսանիւթերու շարք մը պատրաստեց: Անոր կողմէ յառաջ կը մղուի ատրպէյճանական քարոզչական հիմնական թէզը, ըստ որուն՝ հայերը իբր թէ աղճատած են այդ վանքերու պատմական տեսքը, հայացուցած եւ վերափոխած են զանոնք:

«Այս թէզը, անշուշտ, նոր չէ եւ անիկա կը կրկնուի վերջին չորս տարիներուն եւ անընդհատ կը կրկնուի գրեթէ բոլոր ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ», գրած է Monument Watch-ը՝ աւելցնելով. «Սեպտեմբեր 2024ին, Հուսէյնով իբրեւ թիրախ ընտրեց Արցախի առաւել յայտնի երեք վանքերը` ցուցադրելով «հայերուն պատճառած վնասները»:

Փաստօրէն, մենք կը տեսնենք քարոզչական բնոյթ ունեցող թէզի մը տեղայնացումը, տեղադրումը բուն յուշարձանի մը վրայ, ուր իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն կը դիտուի այս թէզի շրջագիծին մէջ:

Պատահական չէ Արցախի երեք առաւել յայտնի եւ հռչակաւոր վանքերու ընտրութիւնը: Ատրպէյճանի թիրախին դիմաց այս վանքերը եւ յատկապէս Գանձասարը եւ Ամարասը յայտնուեցան Սեպտեմբեր  2023ի պատերազմէն ետք, երբ Արցախ ամբողջութեամբ գրաւուեցաւ եւ վերոյիշեալ Ռիզվան Հուսէյնով յատուկ կերպով անդրադարձաւ այս յուշարձաններուն», գրած է Monument Watch-ը:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 07:52