Laureate of the 2024 Nobel Prize for Economic Sciences Daron Acemoglu attends the 8th Sustainability Summit for SE Europe and the Mediterranean in Athens

Հայազգի Տարօն Աճեմօղլուն` Նոպելեան մրցանակակիր

Աճէմօղլու ծնած է 1967ին եւ զաւակն է Արամեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի հանգուցեալ բանաստեղծ Իրմա Աճէմօղլուի եւ հանգուցեալ իրաւաբան Գէորգ Աճէմօղլուի։ Նախնական ուսումը Գատըգիւղի Արամեան-Ունճուեան վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, ան 1986ին աւարտած է Պոլսյ Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինին մէջ։
Ունկնդրէ լուրը

Պոլիս ծնած հայազգի տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլու 14 Հոկտեմբերին արժանացաւ տնտեսագիտութեան բնագաւառի Նոպէլեան մրցանակին։ Ան այս մրցանակը կը բաժնէ տնտեսագէտ Ճէյմզ Ռապինսընի եւ հետազօտող Սայմըն Ճանսընի հետ։

Աճէմօղլու եւ Ռապինսըն «Ինչո՞ւ Կը Ձախողին Պետութիւնները» (Why Nations Fall) համաշխարհային ճանաչում ունեցող գիրքի հեղինակներն են։

Ըստ Նոպէլեան մրցանակի յանձնախումբին՝ երրեակը մրցանակին արժանացած է «երկրի մը բարգաւաճման մէջ ընկերային բնոյթի հիմնարկութիւններուն կարեւորութիւնը ցոյց տալուն համար»՝ աւելցնելով. «Այն հասարակութիւններուն մէջ, ուր օրէնքի գերակայութիւնը տկար է եւ հիմնարկները կը շահագործեն բնակչութիւնը, աճ կամ դրական փոփոխութիւն չ՛արձանագրուիր: Դափնեկիրներուն հետազօտութիւնը կ՛օգնէ մեզի հասկանալ, թէ՝ ինչո՛ւ»։

Աճէմօղլու ծնած է 1967ին եւ զաւակն է Արամեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի հանգուցեալ բանաստեղծ Իրմա Աճէմօղլուի եւ  հանգուցեալ իրաւաբան Գէորգ Աճէմօղլուի։ Նախնական ուսումը Գատըգիւղի  Արամեան-Ունճուեան  վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, ան 1986ին աւարտած է Պոլսյ Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանի  տնտեսագիտութեան բաժինին մէջ։1992-1993ին  տնտեսգիտութիւն դասաւանդած է Լոնտոնի համալսարանին մէջ, իսկ 1993էն սկսեալ համաշխարհային տնտեսագիտութիւն կը դասաւանդէ Մեսեչուսցի հեղինակաւոր MIT համալսարանին մէջ:

Աճէմօղլու Նոպէլեան մրցանակը շահած երկրորդ հայն է։ 2021ին, բժշկագիտութեան բնագաւառին մէջ Նոպէլեան մրցանակին արժանացած էր կենսաբան, նեարդաբան լիբանանահայ-ամերիկահայ Արտեմ Փաթափութեան։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 08:00