2024.07.26 Ex Procuratore Corte Penale Internazionale Louis Moreno Ocampo

Օքամփօ դարձեալ կոչ ուղղեց՝ պայքարելու COP29-ին ընդառաջ եւ անկէ ետք՝ Հայաստանը նոյնպէս վտանգուած նկատելո

«Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի միւս առաջնորդները կը գտնուին Պաքուի բանտը, որովհետեւ անոնք ցեղասպանութեան զոհ են: Ասիկա ուղերձ է Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդին. «Եթէ վերադառնաք, մենք պիտի յարձակինք ձեր վրայ»: Եւ ասիկա վշտալի է, որովհետեւ ճիշդ այդպէս սկսաւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը: Այդ ժամանակ թուրքերը ձերբակալեցին հայ վերնախաւը, հիմա ալ նոյն բանը կը կատարեն: Անոնք բանտին մէջ կը պահուին իբրեւ պատանդ, եւ ասիկա ուղերձ է միւս հայերուն. «Մի՛ վերադառնաք, մեզի հետ չչափուիք»:

UWC Dilijan դպրոցի 10ամեակի տօնական նախաձեռնութիւններուն մասնակցողներու կարգին էր Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ պատասխանեց «Նիուզ»ի հարցումներուն: 

Թղթակիցը դիտել տուաւ, որ UWC Dilijan դպրոցի հիմնադրութեան 10մեակը կը նշուի, մինչ այդ դպրոցի համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան շինծու մեղադրանքով մէկ տարիէ ի վեր ապօրինի կերպով Պաքուի մէջ բանտարկուած է՝ սպասելով դատավարութեան: «Ի՞նչ էք մտածում այդ մասին: Ադրբեջանը հրաժարւում է ազատ արձակել այդ մարդուն հայ ժողովրդի ապագայի մէջ ունեցած հսկայական աւանդի համա՞ր: Ի՞նչ կ՛ասէք», հարցուց թղթակիցը: Օքամփօ պատասխանեց՝ ըսելով. «Ռուբէն Վարդանեան եւ Արցախի միւս առաջնորդները կը գտնուին Պաքուի բանտը, որովհետեւ անոնք ցեղասպանութեան զոհ են: Ասիկա ուղերձ է Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդին. «Եթէ վերադառնաք, մենք պիտի յարձակինք ձեր վրայ»: Եւ ասիկա վշտալի է, որովհետեւ ճիշդ այդպէս սկսաւ 1915ի Ցեղասպանութիւնը: Այդ ժամանակ թուրքերը ձերբակալեցին հայ վերնախաւը, հիմա ալ նոյն բանը կը կատարեն: Անոնք բանտին մէջ կը պահուին իբրեւ պատանդ, եւ ասիկա ուղերձ է միւս հայերուն. «Մի՛ վերադառնաք, մեզի հետ չչափուիք»:

Ռուբէն Վարդանեանի հետ իր կապին եւ անոր՝ Պաքուի բանտը գտնուելուն մասին խօսելով՝ Օքամփօ ըսաւ. «Նախորդ տարի, երբ կ՛ուսումնասիրէինք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը, կապ հաստատեցի անոր հետ, եւ մենք Zoom-ով զրուցեցինք: Ան Լեռնային Ղարաբաղի երկու առաջնորդներէն մէկն է, որոնց հետ խօսած եմ: առ այդ, անոր բանտարկութիւնը շատ ցաւոտ է ինծի համար: Ինծի համար յատկապէս այժմ այս դպրոցին մէջ գտնուիլս կարեւոր է: Այստեղ դուք կրնաք տեսնել անոր գաղափարին մարմնաւորումը՝ ուսում տալ ամբողջ աշխարհէն եկած պատանիներուն գեղեցիկ այս վայրին մէջ՝ հայկական գիւղին մէջ: Ասիկա աներեւակայելի է, եւ ես կը ցաւիմ, որ ան այժմ բանտին մէջ կը գտնուին: Ինծի համար հարց է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է դպրոցը Ռուբէնին տխուր փորձառութիւնը փոխակերպել կրթական նախագիծի: Վերջապէս, ինչ որ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերուն հետ, որեւէ պահու կրնայ տեղի ունենալ այլ վայրի մը մէջ: Հակամարտութիւններ կան Կազայի, Ուքրանիոյ, Իսրայէլի մէջ եւ ամէնուր: Այսպիսով, մենք պէտք է մանուկներուն սորվեցնենք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է վերաբերին այս հարցերուն հետ, եւ այդ պատճառով Ռուբէնին գծով բան մը ընելու գաղափարը չի յանգիր հետեւեալ արտայայտութեան. «Պատանիները պէտք է բան մը ընեն այն մարդուն համար, որ հիմնած է այս վայրը»: Մենք պէտք է օգնենք անոնց՝ հասկնալու համաշխարհային հարցերուն էութիւնը եւ սորվեցնել անոնց՝ անոնց լուծման մասնակցիլ»:

«Նիուզ»ի լրագրողը հարցուց, թէ ի՛նչ պէտք է ընել Ռուբէն Վարդանեանը եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար կբանտարկուած միւս հայ բանտարկեալները ազատելու համար: «Միջազգային իրաւունքի շրջանակում այս խնդրի լուծման հեռանկարներ տեսնո՞ւմ էք, թէ՞ լուծումը հիմնականում քաղաքական հարթութեան վրայ է»: Օքամփօ պատասխանեց՝ ըսելով, որ այդ մարդիկը բանտարկելու պատճառ չկայ, եւ Ատրպէյճանի մէջ չկան դատաւորներ, որոնք կրնան զանոնք ազատ արձակել: «Ասիկա միայն իմ կարծիքը չէ: 2023ին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուսումնասիրեց Պաքուի, Ատրպէյճանի դատական համակարգը եւ յայտնաբերեց, որ բանտերուն մէջ խոշտանգումներ կը կիրարկուին եւ սպանութիւններ կը կատարուին, եւ հոն անկախ դատական համակարգ գոյութիւն չունի: Այսինքն՝ չկայ դատական համակարգ, որ կրնայ հետաքննել յանցագործութիւնները: Մեզի համար, որ Ալիեւի՝ զանոնք ազատ արձակելը կարեւոր է, եւ COP29-ը այս մէկուն հասնելու կարելիութիւն է: Ասիկա պէտք է ընեն Հայաստան եւ միւս բոլորը: Հայաստանի եւ Ռուբէնին համար պայքարը պայքար է քաղաքակրթութեան համար, ասիկա պայքար է այդպիսի գաղափարներ պաշտպանելու համար: Այս է, որ մենք կ՛ընենք եւ պիտի շարունակենք ընել», ըսաւ Օքամփօ:

Լրագրողը դիտել տուաւ, որ UWC Dilijan-ի մէջ կ՛ուսանին հարիւրաւոր աշակերտներ ամբողջ աշխարհէն՝ օտարներ, որոնք, վերջապէս, կը կազմեն Հայաստանի պատմութեան եւ անոր արդի հարցերուն քաջատեղեակ մարդոց ցանց մը: «Ի՞նչ կարծիքի էք այս մասին: Ինչպէ՞ս կարող է այս ցանցն օգնել Հայաստանին յաղթահարել ընթացիկ եւ ապագայ մարտահրաւէրները», հարցուց ան: Օքամփօ ըսաւ, որ միայն դպրոցով կարելի չէ այդ մէկը ընել, այլ ամէն կարելիութիւն պէտք է օգտագործել այս նպատակով։ «Այդ իսկ պատճառով այս տարի ես մասնակցեցայ համաշխարհային արշաւին՝ հետեւողականօրէն օգտագործելով նոյն հեշթեքները: Այդ հեշթեքներն են՝ #StopGreenwashingGenocide (Կասեցնել կեղծ բնապահպանները) եւ #FreeArmenianHostages (Ազատութիւն հայ պատանդներուն): Տարբեր մօտեցումներ ունեցող մարդիկ կ՛օգտագործէին նոյն հեշթեքները: Այս ձեւով մենք փորձեցինք հասնիլ հաւաքական գործողութիւններու՝ ամբողջ աշխարհի մարդոց մասնակցութեամբ՝ յարգելով մշակութային բազմազանութիւնը: Արշաւին մասնակցած են 30 երկիրներու ներկայացուցիչներ: Մենք պէտք է պայքարենք COP29-ին ընդառաջ, ապա շարունակենք պայքարը համաժողովէն ետք, որովհետեւ միայն Լեռնային Ղարաբաղը եւ Ռուբէնը չեն, որ վտանգուած են: Հայաստան ինք վտանգի տակ է: Ես այցելած եմ երկրին հարաւը եւ տեսած, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճան կ՛ամրանայ լեռնային շրջաններուն մէջ, առ այդ, կ՛ըսեմ, որ «Հայաստան վտանգուածէ: Անիկա չ՛աւարտիր COP29-էն ետք»:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2024, 08:43