«Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակի վտանգը շատ բարձր է» Կ՛ըսէ առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը զգուշացուց, որ Լիբանանի մէջ քոլերայի համաճարակի վտանգը «շատ բարձր» է:
Կազմակերպութիւնը նշեց, որ գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ քոլերան տարածուի իսրայէլեան յարձակումին հետեւանքով հարիւր հազարաւոր տեղահանուածներուն մօտ:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Լիբանանի մէջ ներկայացուցիչ Ապտելնասեր Ապուպաքր առցանց մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Քոլերա համաճարակը նոր տեղահանուածներուն հասնելու պարագային, անոր տարածումը կրնայ շատ արագ ըլլալ»:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդած էր, որ քոլերայի հաւանական պարագայ մը հաստատուած է, երբ քաղաքացի մը երկուշաբթի օր ներկայացած է հիւանդանոց:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ քաղաքացին Աքքարի Սամունիէ գիւղէն է:
Լիբանանի մէջ 30 տարուան մէջ առաջին անգամ քոլերայի համաճարակ տեղի ունեցած է 2022 եւ 2023 թուականներուն, մասնաւորաբար հիւսիսային Լիբանանի մէջ:
Ապուպաքր աւելցուց, որ ՄԱԿ-ի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը ամիսներ առաջ զգուշացուցած էր, որ հիւանդութիւնը կրնայ դարձեալ յայտնուիլ տեղահանուածներուն եւ զանոնք հիւրընկալող հասարակութիւններուն մօտ` «ջուրի եւ մաքրութեան կացութեան վատթարացման» լոյսին տակ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ