UN peacekeepers (UNIFIL) vehicles drive in Marjayoun

ՄԱԿ. «ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը տակաւին իրենց դիրքերուն վրայ են, եւ Կութիերես կը յայտնէ, թէ զանոնք թիրախաւորելը կրնայ պատերազմական ոճիր ըլլալ»

Ըստ հաղորդագրութեան, Կութիերես դարձեալ նշած է, որ «երբեք պէտք չէ թիրախաւորել Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժն ու անոր շէնքերը: Խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակումը խախտում է միջազգային օրէնքին, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքին, եւ կրնայ պատերազմական ոճիր ըլլալ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ շարունակուող թշնամական արարքներու լոյսին տակ, եւ հակառակ անցնող քանի օրուան ընթացքին ՄԱԿ-ի դիրքերը հարուածած ու խաղաղապահ շարք մը զինուորներ վիրաւորած յարձակումներուն, ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահները տակաւին բոլոր դիրքերուն վրայ են, եւ ՄԱԿ-ի դրօշը տակաւին կը ծածանի, եւ ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ ՖԻՆԻՒԼ-ի նուիրեալ պաշտօնեաները»:

«Պէտք է երաշխաւորել ՄԱԿ-ի պաշտօնեաներու եւ կալուածներու ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, եւ պէտք է առանց բացառութեան ամէն ժամանակ յարգել ՄԱԿ-ի շէնքերու անձեռնմխելիութիւնը: Այսօր տեղի ունեցած շատ մտահոգիչ դէպքի մը ընթացքին ՄԱԿ-ի դիրքի մուտքի դուռը դիտաւորեալ կերպով շրջանցուեցաւ իսրայէլեան բանակին պատկանող զրահապատ մեքենաներու կողմէ», նշեց Կութիերեսի բանբերը:

«ՖԻՆԻՒԼ-ը շարունակաբար կը գնահատէ բոլոր ազդակները` ճշդելու համար իր կացութիւնն ու ներկայութիւնը, եւ առաքելութիւնը բոլոր կարելի քայլերը կ՛որդեգրէ երաշխաւորելու համար իրեն պատկանող խաղաղապահ ուժերու անվտանգութիւնը: ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութիւնն ու հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութիւնը լիազօրուած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի կողմէ: Այս առումով, ՖԻՆԻՒԼ-ը յանձնառու կը մնայ պահպանելու թիւ 1701 որոշումին հիմամբ դիւանագիտական լուծումին աջակցելու իր կարողութիւնը, ինչ որ յառաջ ընթանալու միակ ուղին է», աւելցուց ան:

Ըստ հաղորդագրութեան, Կութիերես դարձեալ նշած է, որ «երբեք պէտք չէ թիրախաւորել Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժն ու անոր շէնքերը: Խաղաղապահ ուժերուն վրայ յարձակումը խախտում է միջազգային օրէնքին, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքին, եւ կրնայ պատերազմական ոճիր ըլլալ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը բոլոր կողմերուն, ներառեալ իսրայէլեան բանակին կոչ ուղղած է «ետ կանգնելու որեւէ եւ բոլոր արարքներէն, որոնք մեզի պատկանող խաղաղապահ ուժերը վտանգի կ՛ենթարկեն»:

Ան վերստին կոչ ուղղած է` «դադրեցնելու թշնամական արարքները եւ ամբողջապէս գործադրելու ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը»:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 07:44