Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ Լիբանան, Իսրայէլ, պատերազմ  (AFP or licensors)

Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլեան ցամաքային «Կեդրոնացած ու որոշակի» գործողութիւններ

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բախումներու ընթացքին իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած` նշելով, որ վերջիններս վիրաւորուած են հրասանդի ռումբի մը պայթումին պատճառով:

Մինչ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի 91-րդ խումբը կիրակի գիշեր հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային «կեդրոնացած ու որոշակի գործողութիւններ» սկսած է, Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 7:15-ին հրթիռակոծած է Հատիքաթ Մարուն Ռասի մէջ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պլիտա գիւղի Քալաա բարձունքին վրայ խմբուած իսրայէլեան ուժերը:

Հըզպալլա երէկ հրթիռակոծեց Հայֆայի եւ Թիպերիայի մէջ զինուորական դիրքեր` պատճառելով 10 վիրաւորներ, իսկ Իսրայէլ շարունակեց Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն վրայ իր բուռն յարձակումները:

Իսրայէլեան ոստիկանութիւնը հաղորդեց, որ Գալիլիոյ Մաալոթ Թարշիհա շրջանին մէջ հրթիռներու իյնալուն պատճառով նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուած են:

Հըզպալա յայտարարեց, որ «Ֆատի 1» հրթիռներով ռմբակոծած է Հայֆայի հարաւը գտնուող «Քարմել» ռազմակայանը: Իսրայէլեան բանակը նշեց, որ Լիբանանէն Հայֆայի ուղղութեամբ արձակուած են 5 հրթիռներ, որոնք հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձախողած են վնասազերծել:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ հրթիռներուն իյնալէն ետք, քաղաքին մէջ դպրոցները փակուած են, եւ անցում կատարուած է առցանց ուսուցման դրութեան: Առաջին անգամ ըլլալով քաղաքի կեդրոնը թիրախաւորուած է: Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը նշեց. «Արեւմտեան Գալիլիոյ մէջ հրթիռի մը իյնալուն պատճառով շարք մը սեփականութիւններու նիւթական մեծ վնասներ հասած են»:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ բախումներու ընթացքին իսրայէլացի զինուոր մը սպաննուած է եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած` նշելով, որ վերջիններս վիրաւորուած են հրասանդի ռումբի մը պայթումին պատճառով:

Բանակը նաեւ երէկ նշեց, որ Գալիլիա շրջանին մէջ ռազմափորձի կը սկսի:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահի Սրպին, Մարուահին, Ըմ Թութ, Ըմ Թութա, Պսթան, Զալութիէ, Եարին, Տարհիէ, Մահմուրա, Ժըպպին, Թէյր Հարֆա, Ապու Շաշ, Ալմա Շաապ, Նաքուրա, Այն Շամըհ, Ռաս Պատա, Մաժտալ Զուն, Մանսուրի, Մաքսապա, Մազրաաթ Պույութ Սիատ, Սմաայիէ, Ռաշիտիէ, Այն Պաալ, Պազուրիէ եւ Հանիէ գիւղերու բնակիչներէն պահանջեց անմիջապէս դէպի Աուալի գետէն հիւսիս ուղղուիլ:

Հըզպալլան հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաղորդեց, որ երէկ առաւօտեան ժամը 7:15-ին հրթիռակոծած է Հատիքաթ Մարուն Ռասի մէջ, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պլիտա գիւղի Քալաա բարձունքին վրայ խմբուած իսրայէլեան ուժերը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2024, 07:00