Եւրոպային խորհդարանը Եւրոպային խորհդարանը  (AFP or licensors)

Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանի մէջ մարդու եւ այլ իրաւունքներու ոտնահարման Եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւ մը ընդունեց

Հրապարակուած բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ պատժամիջոցներ սահմանելու իր կոչը՝ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ արտօնած ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ: Կը պահանջուի ազատ արձակել քաղաքական պատճառով բանտարկուած անձերը, դադրեցնել բռնաճնշումներու բոլոր ձեւերը՝ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ, եւ թէ երկրի սահմաններէն դուրս:

Եւրոպական Միութեան խորհրդարանը 453 թեր, 31 դէմ եւ 89 ձեռնպահ քուէներով ընդունեց Ատրպէյճանի մէջ իրավիճակին, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային իրաւունքի ոտնահարման ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող բանաձեւ մը: Լուրը հաղորդեց  Ազգային ժողովին մէջ Եւրոպական համարկման հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Արման Եղոյեան, ըստ որուն, բանաձեւը կ՛անդրադառնայ Ատրպէյճանի մէջ եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ այդ պետութեան կողմէ ստեղծուած բոլոր հիմնական հարցերուն:

Հրապարակուած բանաձեւով Եւրոպական խորհրդարանը կը վերահաստատէ պատժամիջոցներ սահմանելու իր կոչը՝ մարդու իրաւունքներու լուրջ խախտումներ արտօնած ատրպէյճանցի պաշտօնեաներուն նկատմամբ: Կը պահանջուի ազատ արձակել քաղաքական պատճառով բանտարկուած անձերը, դադրեցնել բռնաճնշումներու բոլոր ձեւերը՝ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ, եւ թէ երկրի սահմաններէն դուրս:

Բանաձեւին մէջ ընդարձակ անդրադարձ կայ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն: Ընդգծելով աջակցութիւնը երկու երկիրներու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ եւրոպացի պատգամաւորները կը վերահաստատեն իրենց պահանջը՝ Ատրպէյճանի զօրքերը դուրս բերել Հայաստանի գերիշխան տարածքէն:

Բանաձեւը, ըստ Եղոյեանի, «արցախահայերուն բռնի տեղահանումը ուղղակիօրէն ցեղային զտում կը կոչէ»:

«Իր աջակցութիւնն է յայտնում Հայաստանում Եւրոպական Միութեան առաքելութեան (EUMA) գործունէութեանը եւ ընդգծում նրա կարեւոր դերը: Վերահաստատում է իր մտահոգութիւնը՝ կապուած EUMA-ի դէմ Ադրբեջանից զրպարտչական արշաւների հետ. կոչ է անում EUMA-ին շարունակել ուշադիր հետեւել տեղում զարգացող անվտանգութեան իրավիճակին, թափանցիկ հաշուետուութիւն տրամադրել խորհրդարանին եւ ակտիւօրէն (աշխոյժ կերպով) նպաստել հակամարտութիւնների կարգաւորման ջանքերին, ինչպէս նաեւ՝ կոչ է անում Եւրոպական Միութեան եւ նրա անդամ պետութիւններին ուժեղացնել EUMA-ի մանդատը, մեծացնել դրա չափը եւ երկարացնել դրա տեւողութիւնը», ըսաւ Եղոյեան:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2024, 08:33