FILE PHOTO: World leaders take part in the 79th annual U.N. General Assembly high-level debate

Ապահովութեան Խորհուրդը Կութիերեսին ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնէ

Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները, ներառեալ մնայուն հինգ անդամները` Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Ռուսիան, Բրիտանիան ու Ֆրանսան զգուշացուցին, թէ «որեւէ որոշում, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կամ ՄԱԿ-ը չի ներառեր, հակառակ արդիւնքը կու տայ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւններու մագլցումի պայմաններուն մէջ»:

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը իր «ամբողջական» զօրակցութիւնը յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսին, որ Իսրայէլի կողմէ «անբաղձալի անձ» հռչակուած է Իսրայէլի վրայ Իրանի 1 հոկտեմբերի հրթիռային յարձակումը անմիջապէս չդատապարտելուն համար:

Իսրայէլը բնաւ չնշող հաղորդագրութեան մէջ, Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները «կը հաստատեն, որ (ՄԱԿ-ի) անդամ իւրաքանչիւր երկիր պէտք է արդիւնաւէտ ու ազդու յարաբերութիւն ունենայ ընդհանուր քարտուղարին հետ եւ ետ կանգնի որեւէ քայլէ, որ կը սահմանափակէ անոր աշխատանքը կամ անոր ծառայութիւններուն աշխատանքը»:

Ապահովութեան խորհուրդի 15 անդամները, ներառեալ մնայուն հինգ անդամները` Միացեալ Նահանգները, Չինաստանը, Ռուսիան, Բրիտանիան ու Ֆրանսան զգուշացուցին, թէ «որեւէ որոշում, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը կամ ՄԱԿ-ը չի ներառեր, հակառակ արդիւնքը կու տայ, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւններու մագլցումի պայմաններուն մէջ»:

Հաղորդագրութիւնը յանուն Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն հրապարակեց խորհուրդի նախագահութիւնը վարող Զուիցերիան:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք մէկ օր առաջ յայտնած էր. «Իսրայէլի կողմէ ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը անբաղձալի անձ յայտարարելու մէջ քաղաքական որոշում եւ ՄԱԿ-ի կազմակերպութիւններու պաշտօնատարներուն վրայ յարձակումներու շարունակութիւն կայ»:

Տիւժարիք ամէնօրեայ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ողջունած էր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն Կութիերեսի նկատմամբ զօրակցութիւնը:

«Այլ պետութիւններ ՄԱԿ-ի այլ պաշտօնատարներու նկատմամբ նոյնպիսի որոշումներ որդեգրեցին», նշած էր ան` աւելցնելով. «Նախապէս յայտնեցինք, որ չենք կարծեր, որ այս կացութիւնը կարելի է գործադրել մեր պաշտօնեաներուն վրայ»:

Տիւժարիք շեշտած էր, որ իր 24-ամեայ ասպարէզին ընթացքին այսպիսի հաղորդագրութեան մը չէ հանդիպած:

Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը «անբաղձալի անձ» յայտարարած է եւ արգիլած անոր Իսրայէլ մուտքը:

Քաց բողոքած է, որ Կութիերես «պատշաճ կերպով» չէ դատապարտած Իրանի 1 հոկտեմբերի գիշերուան յարձակումը:

«Ոեւէ մէկը, որ յստակօրէն չդատապարտեց Իրանի` Իսրայէլի վրայ կատարուած նողկալի յարձակումը, արժանի չէ ոտք դնել Իսրայէլի հողին: Ասիկա հակաիսրայէլեան ընդհանուր քարտուղար է, որ կ՛աջակցի ահաբեկիչներուն, բռնաբարողներուն եւ մարդասպաններուն», ըսած էր իսրայէլեան դիւանագիտութեան պետը:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2024, 08:32