Կլիմայի համաժողովը կ՛օգնէ Ատրպէյճանի բռնապետական վարչակազմին. Washington Post
«Կլիմայի համաժողով մը եւս, որ կ՛օգնէ բռնապետական վարչակազմի մը: Ատրպէյճան, որ պիտի հիւրընկալէ ՄԱԿի կլիմայի հարցերու նուիրուած յաջորդ համաժողովը, մարդկային իրաւանց ոտնակոխումի զարհուրելի պատմութիւն ունի: Երբ կլիմայի փոփոխութեան մասին ՄԱԿի համաձայնագիրին մասնակցող երկիրները որոշում կու տան, թէ ո՛վ պիտի կազմակերպէ կլիմայի տարեկան համաժողովը, որոշումին չափանիշերն են՝ թեկնածու երկրին ենթակառոյցը, կլիմայական պարտաւորութիւնները, քաղաքական կայունութիւնը եւ նիւթականի աղբիւրները: Բայց ոչ՝ ժողովրդավարութիւնը կամ մարդկային իրաւունքները», գրած է հեղինակաւոր Washington Post օրաթերթը՝ աւելցնելով. «Հետեւաբար, COP29-ը՝ աշխարհի բռնատիրական կառավարիչներուն կողմէ «կանաչ լուացման» (greenwashing) դէպքերու շղթային մէկ օղակն է, ձեռամբ՝ հանածոյ վառելիքի ամէնէն մեծ շահառուներէն մէկուն: Բնապահպանական գիտակցութեան բարձր մակարդակով յատկանշուող այս դարաշրջանին՝ ընկերութիւնները կամ պետութիւնները յաճախ կը դիմեն խաբեբայական գործելաոճի, երբ բնապահպանական միտումները կ՛օգտագործուին անոնց վարկը բարձրացնելու համար՝ առանց այդ ուղղութեամբ էական քայլեր առնելու, ինչ որ յայտնի է «կանաչ լուացում» անունով»:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ