2020 Աղքատներուն հետ համերգը Էնիօ Մորրիքոնէի մասնակցութեամբ 2020 Աղքատներուն հետ համերգը Էնիօ Մորրիքոնէի մասնակցութեամբ  (Vatican Media)

«Համերգ Աղքատներուն հետ» ծրագիրը Վատիկանի մէջ յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին

Ձեռնարկը հովանաւորուած է Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան ու Քահանայապետի Ողորմաբշխի գրասենեակի, Կրթութեան ու Մշակոյթի Վերատեսչութեան ու Հոգեւոր Երաժշտութեան Քահանայապետական ինստիտուտի կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահը յառաջիկայ եօթը հոկտեմբերի կէսօրէն ետքը ժամը 5,30ին անգամ մը եւս պիտի հիւրընկալէ «Համերգ Աղքատներուն հետ» ծրագիրը, որ հասաւ իր հինգերորդ փուլին, եւ որուն նպատակն է զօրակցութիւն ցուցաբերել աւելիով դիւրաբեկ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, եղբայրներ եւ քոյրեր` որոնք պատուոյ հիւրերը պիտի հանդիսանան այս եզակի ծրագիրին։

Օրը սկիզբ պիտի առնէ համերգի մասնակցող արուեստագէտներու Ֆրանչիսկոս Պապին հետ ունեցած առանձնական հանդիպումով, իսկ համերգի աւարտին նախատեսուած է դիւրաբեկ եղբայրներուն յատուկ ընթրիք մը։

Ծրագիրը ծնունդ առած է 2015 թուականին իտալացի Ռիքքարտօ Ռօսսիի եւ Կուաելթիերօ Վենթուրայի կողմէ ու անոր կազմակերպութիւնը յանձնուած է «Nova Opera» կազմակերպութեան, գեղարուեստական​​ղեկավարութեամբ ` Գերապ. Մարքօ Ֆրիզինայի։

«Աղքատներու հետ համերգը» տարիներու ընթացքին հաստատուած է որպէս իր տեսակի մէջ եզակի գեղարուեստական ​​իրադարձութիւն, զօրակցութեան ու մօտիկութեան միջոցառում. երաժշտական ճանապարհորդութիւն՝ նշելու գեղեցկութիւնն ու բարեգործութիւնը արուեստի միջազգային լեզուի միջոցաւ:

Ձեռնարկը հովանաւորուած է Բարեսիրութեան Ծառայութեան Վերատեսչութեան ու Քահանայապետի Ողորմաբշխի գրասենեակի, Կրթութեան ու Մշակոյթի Վերատեսչութեան ու Հոգեւոր Երաժշտութեան Քահանայապետական ինստիտուտի կողմէ։

Անոր պիտի մասնակցին աշխարհահռչակ արուեստագէտներ, որոնց շարքին այս տարի նշենք Հանս Զիմմերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 12:39