COLOMBIA-UN-COP16-BIODIVERSITY-ENVIRONMENT-COP17-VOTING-ARMENIA

Հայաստան 2026ին պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ17-ը

31 Հոկտեմբերին, Քոլոմպիոյ մէջ ընթացող ՄԱԿի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերուն 16րդ համաժողովին ընթացքին, Հայաստան 65 ձայնով ընտրուեցաւ 17րդ համաժողովի հիւրընկալը:

Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարար Յակոբ Սիմիդեան յայտնեց, որ Հայաստան 2026ին պիտի հիւրընկալէ Կենսաբազմազանութեան կողմերու համաժողովը` ՔՈՓ17-ը։

31 Հոկտեմբերին, Քոլոմպիոյ մէջ ընթացող ՄԱԿի Կենսաբանական բազմազանութեան մասին համաձայնագիրի կողմերուն 16րդ համաժողովին ընթացքին, Հայաստան 65 ձայնով ընտրուեցաւ 17րդ համաժողովի հիւրընկալը:

Յայտնի է, որ Ատրպէյճան եւս դիմած էր` համաժողովը հիւրընկալելու:

Նախորդող օրերուն Քոլոմիա տուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Վահագն Խաչատրեան համաժողովին ընթացքին ըսաւ, որ ՔՈՓ17-ը Հայաստանի մէջ իրականացումը պիտի ըլլայ հիանալի կարելիութիւն՝ յառաջ մղելու բազմակողմ ջանքեր համաշխարհային կենսաբազմազանութեան պաշտպանութեան համար:

«Հայաստանը ոչ մի ջանք չի խնայի` ապահովելու, որ համաժողովը դառնայ եւս մէկ կարեւոր ուղենիշ գլոբալ ջանքերում` կենսաբազմազանութեան պահպանման եւ բնական ռեսուրսների (պաշարներու) կայուն օգտագործման ուղղութեամբ», ըսաւ Խաչատրեան:

Այս ընտրութիւնը ողջունեց եւ շնորհաւորեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի՝ ըսելով. «Կը շնորհաւորենք Հայաստանը, որ ընտրուած է ՄԱԿի Կենսաբազմազանութեան յաջորդ համաժողովը հիւրընկալող երկիր: Ընտրութիւն մը, որ պիտի ամրապնդէ Երեւանի` դիւանագիտական մայրաքաղաքի կարգավիճակը»։

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2024, 07:46