Քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողով Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային առաջնորդարանէն ներս
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց օգնականներով։
Շաբաթ, 23 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտուն, հիւրընկալութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս գումարուեցաւ քրիստոնեայ համայնքապետներու հերթական ժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան քրիստոնեայ համայնքապետները իրենց օգնականներով։
Տէրունական աղօթքով սկիզբ առած ժողովին արծարծուեցան քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցեր, որոնց առնչուող տեղեկութիւններ եւ լուսաբանութիւններ տրուեցան։
Եղբայրական ոգիով ժողովականները զիրար առաւել ոյժ եւ կորով մաղթեցին, միասնական ճիգերով եւ փոխգործակցութեամբ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները։
Աղբիւրը՝ Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
29/11/2024, 08:00