«Հայաստան պիտի չմասնակցի 28 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն» կ՛ըսէ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը
Հայաստան պիտի չմասնակցի 28 նոյեմբերին Ասթանայի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ-ի միջոցառումներուն, սակայն դէմ չէ, որ նախատեսուող փաստաթուղթերը որդեգրուին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է կազմակերպութեան մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչը:
Մասնաւորաբար, Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենան ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի եւ կազմակերպութեան առանցքային մարմիններու` պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու յանձնախումբի նիստերը: Այս մասին յայտնած է ՀԱՊԿ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նախատեսուի միտքեր փոխանակել հաւաքական անվտանգութեան շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող մարտահրաւէրներու շուրջ, ամփոփել համագործակցութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ քննարկել Համաշխարհային Բ. պատերազմին մէջ յաղթանակի 80-ամեակի միացեալ տօնակատարութեան ծրագիրները:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ