Ազգային ժողով Ազգային ժողով 

Կառավարութիւնը ընդունեց Հայաստանի հանրապետութեան քայլերգը խմբագրելու ազգային ժողովի իշխող խմբակցութեան նախաձեռնութիւնը

Կառավարութիւնը երէկ ընդունեց Հայաստանի պետական քայլերգը խմբագրելու Ազգային ժողովի նախագահի եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնը:

Կառավարութիւնը երէկ ընդունեց Հայաստանի պետական քայլերգը խմբագրելու Ազգային ժողովի նախագահի եւ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորներու նախաձեռնութիւնը:

Անոնք առաջարկած էին «կարգաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի, ինչպէս նաեւ քայլերգի կատարման հետ կապուած որոշ յարաբերութիւններ»:

Կը նախատեսուի քայլերգի երկրորդ եւ չորրորդ քառատողերը տեղափոխել ու զայն եզրափակել այս նախադասութեամբ` «Նայիր նրան երեք գոյնով, նուիրական մէկ նշան, թող փողփողի թշնամու դէմ, թող միշտ պանծայ Հայաստան»:

«Քայլերգի ուժականութիւն ստեղծելու նպատակով կը նախատեսուի փոփոխութիւն կատարել քայլերգի բնագիրին մէջ` զայն վերադասաւորելով պետական քաղաքականութեան տրամաբանութեամբ` արժեւորելով պետութիւնը, ազատութեան փիլիսոփայութիւնը, Հայաստանի դրօշն ու պետականութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացին` փոխելով յաջորդականութիւնը», ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/11/2024, 08:30