FILES-ARMENIA-BIODIVERSITY-COP16-UN-COP17

Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութեան տօնին առիթով աջակցութիւն կը յայտնէ Լիբանանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան

Խիստ մտահոգուած եւ անհանգստացած ենք Միջին Արեւելքի մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ ահագնացող անվտանգային իրավիճակով եւ անթոյլատրելի կը նկատենք խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 22 նոյեմբերին Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց.

«Խիստ մտահոգուած եւ անհանգստացած ենք Միջին Արեւելքի մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ ահագնացող անվտանգային իրավիճակով եւ անթոյլատրելի կը նկատենք խաղաղ բնակչութեան եւ քաղաքային ենթակառոյցներու թիրախաւորումը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ գործօն մասնակցութեամբ` հայկական խաղաղապահ զօրախումբի միջոցով, իր ներդրումը կ՛ունենայ Լիբանանի անվտանգութեան ամրապնդման գործին մէջ»:

Աղբիւրը` Ազդակ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 08:28