Ազրպէյճան կը սպառնայ «Համապատասխան դիւանագիտական քայլեր կիրարկել»` ի պատասխան Լեհաստանի նախագահի Հայաստան-Ազրպէյճան սահման այցելութեան
«Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտայի Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան անդամներու ուղեկցութեամբ Հայաստան-Ազրպէյճան սահման այցելութիւնը, ցաւօք, Եւրոպական Միութեան անդամ տարբեր երկիրներու եւ եւրոպական կառոյցներու «հակաազրպէյճանական քաղաքականութեան» հերթական ցուցադրութիւն է», այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` մեկնաբանելով Տուտայի սահման այցելութիւնը:
«Խորապէս կը ցաւինք, որ պաշտօնապէս Ազրպէյճանի «ռազմավարական գործընկեր» երկրի նախագահը մասնակցած է անընդունելի դիւանագիտական «հեռադիտակային շոուին», որ կը յանգեցնէ Ազրպէյճանի եւ Լեհաստանի միջեւ յարաբերութիւններու սրման: Հակառակ Ազրպէյճանի պաշտօնատարներու բազմաթիւ դիմումներուն` ուղղուած Լեհաստանի նախագահի աշխատակազմին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, լեհական կողմը զերծ չէ մնացած այս սադրիչ քայլէն: Ազրպէյճան ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ այս ոչ բարեկամական գործողութեան դէմ համապատասխան դիւանագիտական քայլեր ձեռնարկելու», կը նշուի Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
Նշենք, որ Լեհաստանի նախագահը Երասխի մէջ հանդիպած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անձնակազմի հետ:
Նախքան այդ, հաղորդուած էր, որ Լեհաստանի նախագահը 25-27 նոյեմբերին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրին մէջ պիտի այցելէ Երասխ համայնք` մասնակցելու Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան հետ միացեալ պարեկութեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ղեկավարն է Մարքուս Ռիթերը, իսկ անոր տեղակալը լեհ Մարեք Քուպերսքին է:
Առաքելութիւնը ստեղծուած է փետրուար 2023-ին` երկու տարուան ժամկէտով, եւ անոր նպատակները կը ներառեն վերահսկել կացութիւնը եւ պարեկութիւն կատարել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ