Արցախ, անօթութին, իրաւունքներու խախտում Արցախ, անօթութին, իրաւունքներու խախտում  

2025ի գարնան Արցախէն տեղահանուածներուն աջակցութիւնը պիտի նուազի

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան կառավարութեան նիստին ընթացքին տուած զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ 2025 Յունուար-Մարտ ամիսներուն դրամական աջակցութիւնը պիտի ըլլայ 50 հազար դրամ եւ «40+10» ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ Մարտ:

Յաջորդ տարուան գարնան Արցախէն տեղահանուածներու աջակցութիւնը պիտի նուազի եւ պիտի տրամադրուի միայն թիրախային խումբերու:

Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարեկ Մկրտչեան կառավարութեան նիստին ընթացքին տուած զեկուցումին մէջ յայտնեց, որ 2025 Յունուար-Մարտ ամիսներուն դրամական աջակցութիւնը պիտի ըլլայ 50 հազար դրամ եւ «40+10» ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ Մարտ:

«Արդէն Ապրիլից մինչեւ Յունիս աջակցութեան չափը կը նուազի եւ կը կազմի 40 հազար դրամ, եւ այն կը ստանան յստակ խմբեր՝ անչափահասները, կամ 18 տարին լրացած, բայց բարձրագոյն կրթութիւն ստացող քաղաքացիները, 63 տարեկանից բարձր տարիքի անձինք, կերակրողին կորցրածները եւ առաջին ու երկրորդ կարգի հաշմանդամները: Այսինքն՝ այս սոցիալական խմբերից դուրս գտնուող միւս անձինք, Մարտից այլեւս դրամական աջակցութիւն չեն ստանայ: Արդէն Յուլիսից-Դեկտեմբեր հատուածում Արցախից տեղահանուած կոնկրէտ թիրախային խմբերը կը ստանան ամսական 30 հազար դրամ աջակցութիւն», պարզաբանեց Մկրտչեան: 

Աղբիւրը՝ Արցախ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 08:13