Իսրայէլեան յարձակումները կը շարունակուին Լիբանանեան զանազան շրջաններուն վրայ
Հըզպալլա յայտարարեց, որ հինգշաբթի օր կատարած է 21 գործողութիւններ, որոնց շարքին ռմբակոծած է 6 բնակեցման վայրեր, 2 ռազմակայաններ եւ վայրեր, ուր հաւաքուած էին իսրայէլեան ուժեր:
Հըզպալլա յայտարարեց, որ հրթիռակոծած է Հայֆայի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող ծովուժի «Սթելա Մարիս» ռազմակայանը, ուրկէ հիւսիսային ծովեզերեայ շրջանի հսկողութիւնը կը կատարուի:
Կուսակցութիւնը նաեւ տեսակարար հրթիռներով հարուածած է Հայֆայի հարաւը գտնուող «Էլիաքիմ» ռազմակայանը, ուր կը գտնուին իսրայէլեան բանակի հիւսիսային հրամանատարութեան պատկանող մարզումի ճամբարներ:
Հըզպալլայի մարտիկները ուրբաթ առաւօտեան ժամը 1:20-ին հարուածելով քանդած են իսրայէլեան բանակի քարշակ մը, որ հետեւակ զինուորներու ընկերակցութեամբ կը փորձէր յառաջանալ դէպի Քաֆարքիլա գիւղի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Սարի բարձունքը: Քարշակը քանդուած է, եւ անոր ընկերակցող զինուորներուն շարքերուն մէջ հաստատ կորուստներ արձանագրուած են:
Կուսակցութիւնը երէկ դարձեալ հրթիռակոծեց Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը:
Իսրայէլեան օդուժը իր կարգին յարձակումներ գործեց հարաւային Լիբանանի Խիամ, Քֆարսիր եւ Շեպաա գիւղերուն վրայ, ինչպէս նաեւ Նապաթիէի Տըպպին, Խըրպեթ Սըլըմ եւ Տէյր Զահրանի գիւղերուն վրայ. վերջինիս հրթիռակոծման պատճառով հրդեհ յառաջացաւ:
«Հատաս» հաղորդեց, որ իսրայէլեան մարտանաւեր ռմբակոծած են Սուր գաւառի Ռասուլ Այն շրջանը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ