2024.11.07 Convegno sulla Bibbia nell'isola di San Lazzaro - Venezia

«Աստուածաշունչ Հայկազեան» Գիտաժողովը` Վենետիկի վանքին մէջ

Գիտաժողովին Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց ներկայացումներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը։
Ունկնդրէ լուրը

Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքին մէջ, Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին վրայ, 31 Հոկտեմբեր-3 Նոյեմբեր տեղի ունեցաւ «Աստուածաշունչ Հայկազեան. Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը, հրատարակութիւնները, եւ ազդեցութիւնը» եռօրեայ գիտաժողովը, նուիրուած՝ Մխիթար աբբահօր մահուան 275-ամեակին։

Գիտաժողովին Եւրոպայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն եւ Պոլիսէն մասնակցեցան հոգեւորական ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց ներկայացումներով հարստացուցին միջազգային սոյն գիտաժողովը։

Դասախօսներն էին՝ Վահան վրդ. Օհանեան, Սերոբ վրդ. Չամուրլեան, Գեղարդ վրդ. Քիւսպէքեան, Յովակիմ վրդ. Սերովբեան, Գէորգ աբղ. Սարգիսեան, Արարատ քհնյ. Պօղոսեան, Արմէն Մալխասեան, Վահէ Թորոսեան, Միքայէլ Մալխասեան, Ռուբէն Մելիքեան, Պաուլօ Լուքա (Paolo Lucca), Մարքօ Պայս (Marco Bais), Ռիքարտօ Փանէ (Riccardo Pane), Մհեր Քումունց, Խաչիկ Յովհաննիսեան, Մայա Գրիգորեան եւ Վահագն Պօղոսեան։

Միջազգային գիտաժողովը նուիրուած էր Աստուածաշունչ Հայկազեանի հայերէն թարգմանութեան, հրատարակութիւններուն եւ ազդեցութեան մասին։

Գիտաժողովի տեսական բաժինը աւարտելէ ետք, տեղի ունեցաւ գործնական քննարկում Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան քննական բնագիրի կազմութեան հարցին շուրջ, որուն իբրեւ արդիւնք ժողովականներուն կողմէ որոշուեցաւ մօտիկ ապագային կազմել աշխատանքային խումբ մը՝ գիտաժողովին ընթացքին բարձրացուած տեսական եւ գիտական հարցերուն փուլ առ փուլ լուծումներ տալու համար։

 Գիտաժողովին ընթացքին նաեւ հրապարակուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան նախաձեռնած եւ ԳՀԶԿ ուսանողներու եւ աշխատողներու կողմէ պատրաստուած «Մխիթար» հարթակը։

 Յղումները կարելի է դիտել Մխիթարեան Մայրավանք Սուրբ Ղազար – Monastero Armeno Mechitarista San Lazzaro էջին վրայ։

Աղբիւրը` Եռագոյն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2024, 08:34