2024.11.19 Presentazione nuovo libro di Hrayr Jebejian

Հայերէնը՝ Անգլերէնի եւ Ֆրանսերէնի բախումին ընդմէջէն

Պէտք է պահել հայկական դպրոցը: Պէտք է պահել հայկական կառոյցները: Եւ պէտք է ուժեղացնել զանոնք: Պիտի խօսինք անգլերէն: Պիտի խօսինք ֆրանսերէն եւ, տակաւին, այլ լեզուներ, ինչպէս որ պէտք է եւ ստիպուած ենք` մեկնելով մեր սփիւռքեան իրավիճակներէն:

 

«Երանի ձեզի, որ երկու լեզու կը խօսիք»:

Նոյեմբեր 2024, Լոս Անճելըս:

Արի Աղպապեանը ծնած է Լոս Անճելըս: Ան մեծ քրոջս որդին է: Արին կարելիութիւն չունեցաւ հայկական դպրոց յաճախելու, բայց ծնողքին հետեւողական եւ բծախնդիր հոգածութեան տակ ան սորվեցաւ մայրենին: Արիին հետ Լոս Անճելըս նստած սուրճ կը խմէինք եւ կը զրուցէինք հայերէնով, բայց նաեւ` ատեն ատեն անգլերէնով:

Չնշմարեցի, թէ մեր մօտ նստած էր տարեց ամերիկացի մը: Երբ ոտքի ելանք երթալու համար, այս տարեց ամերիկացին ընդմիջեց մեզ: Յստակ էր, որ կ՛ուզէր բան մը ըսել: «Ի՛նչ հաճելի էր, որ երկու լեզուով կը խօսէիք», ըսաւ ան: «Մէկը անգլերէն էր, իսկ միւս լեզուն չեմ գիտեր», աւելցուց ան:

«Միւս լեզուն հայերէն է: Մեր մայրենի լեզուն է», ըսի ես:

«Երանի ձեզի, որ երկու լեզու կը խօսիք-, ըսաւ ան: – Ես չկրցայ անգլերէնի կողքին ուրիշ լեզու մը սորվիլ: Կը նախանձիմ ձեզի, որ կրնաք երկու լեզուով արտայայտուիլ»:

Սփիւռքահայ մեր իրականութիւններուն համար երկու լեզու կիրարկելը հիմնական մարտահրաւէր է: Եթէ մեր ապրած երկիրներու տեղական լեզուն պիտի սորվինք, միւս կողմէ` կը մնայ մայրենին: Մեր մայրենին եւ զայն պահելը կարեւոր հիմք է սփիւռքեան իրականութեան մէջ` հայապահպանումի եւ հայակերտումի գործընթացին մէջ: Բայց կան ներկայ օրերուն մեր ապրած իրականութիւնները:

Մոնրէալ, նոյեմբեր 2024:

Քանատա աշխատանքային այցելութեան ընթացքին կարելի չէր չհաղորդակցիլ հայկական իրականութեան հետ: Այս պարագային նաեւ Մոնրէալը` Քանատայի այս ֆրանսախօս Քեպեք նահանգի կարեւոր քաղաքը: Կարելի չէ զանց առնել այն իրականութիւնը, որ Քեպեքի մէջ անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները բախումի մէջ են: Այն, ինչ որ ուշադրութիւնս գրաւեց, հայկական իրականութիւնն է այս քաղաքին մէջ: Մոնրէալի գաղութին կազմաւորումը սկսած է 1950-ական տարիներուն, երբ Յունաստանէն, Եգիպտոսէն, Պոլիսէն, Լիբանանէն, Իրաքէն եւ, վերջին շրջանին, Սուրիայէն հայեր հաստատուած են հոս: Նոր գաղութ մը ըլլալով հանդերձ, հոս տեսայ հայախօս եւ հայկական այժէքներով ապրող գաղութ մը:

Իսկ պատճառնե՞րը:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եկած է Միջին Արեւելքէն: Ան ազգային, հասարակական եւ կուսակցական մեծ գործունէութիւն կը տանի: Ան ըսաւ. «Անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի բախումը ճամբայ հարթեց, որ հայը կառչի իր մայրենիին: Բայց նաեւ կայ երկրին ընկերային կարգուսարքը, որ կը քաջալերէ փոքրամասնութիւնները, որպէսզի պահեն իրենց լեզուն եւ մշակոյթը»:

Այս տեսակի երեւոյթներ սկսած եմ տեսնել, երբ տարբեր երկիրներ կ՛այցելեմ: Կ՛ապրինք ժամանակներու մէջ, երբ համակարգեր նախանձախնդիր են պահելու ազգային փոքրամասնութիւններու լեզուն եւ մշակոյթը` զանոնք երկրին համար հարստութիւն նկատելով: Երեւի անցած ենք «մեծ կաթսայի» մէջ «ձուլուելու» ռազմավարութենէն: Մշակոյթներու պահպանումը սկսած է դառնալ այժմէական եւ առաջնահերթ մտահոգութիւն:

Վահագն Գարագաշեանը եկած է Լիբանանէն: Ան մամուլի գործիչ է: Անոր  տեսանկիւնէն, Մոնրէալի ազգային փոքրամասնութեան քաղաքացիներու 35-40 տոկոսը կը նախընտրէ խօսիլ իր մայրենի լեզուն: Բայց այս նոյնքան արդիւնք է Քանատայի դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ընդունուած բազմամշակութային օրէնքի ընկալումին: «Քեպեք նահանգը վերապահութեամբ կը մօտենայ բազմամշակութային գաղափարին` վախնալով կորսնցնել ֆրանսախօսութեան մշակոյթը», ըսաւ Վահագն: «Անգլերէնի ու ֆրանսերէնի եւ մշակոյթներու բախումներուն դէմ ազգային փոքրամասնութիւնները կը նախընտրեն փարած մնալ իրենց մայրենիին», շարունակեց ան:

Եթէ Քանատայի եւ յատկապէս Մոնրէալի այս համակարգի «բախումը» պէտք է որակել իբրեւ «պատուհաս», բայց կը տեսնենք դարձեալ, որ ատիկա կրնայ դառնալ «պատեհութիւն»: Պատեհութիւնը հայուն, որ այս պատուհասը վերածած է հայակերտումի կարելիութեան` ի նպաստ իր ազգային առաքելութեան:

Աւետիս Պագգալեանը կու գայ Հալէպէն: Ան ուսուցիչ է եւ հայ մամուլի սպասարկու` իբրեւ խմբագիր եւ հրապարակագիր: Աւետիս կարեւոր կը նկատէ Միջին Արեւելքէն արտահոսքը դէպի Մոնրէալ, որ նպաստած է գաղութին հայախօսութեան եւ հայապահպանումին: «Մոնրէալահայ գաղութին հայախօս մնալը որոշ ծրագիրի կամ յատուկ աշխատանքի շնորհիւ չէ, այլ` պատահականութեան-, ըսաւ ան: -Միջին Արեւելքի պատերազմները պատճառ դարձան, որ Հիւսիսային Ամերիկայի նորաստեղծ հայ գաղութները օգտուին»:

Բայց Աւետիս կրցաւ «պատահականութիւնը» կամրջել «ի՞նչ կրնանք ընել եւ պէտք է ընել» ընտրանքներուն հետ, որպէսզի գաղութը պահէ իր ազգային դիմագիծը: Ան համոզուած է, որ` «Շատ բան պէտք է ընել, որպէսզի հայախօսութիւնը եւ հայապահպանումը պատահականութեան ենթակայ չդառնան»:

«Շատ բան պէտք է ընել»: Ճիշդ է Աւետիսը:

Մհեր Գարագաշեանը եկած է Լիբանանէն: Ան ազգային, հասարակական եւ կուսակցական գործունէութիւն կը ծաւալէ, նաեւ կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է` իբրեւ ուսուցիչ: «Գաղութին մէջ հայկական վարժարաններ ունենալը շատ կարեւոր է: Հայախօսութիւնը ընտանիքներէն կը սկսի, բայց հայ վարժարանը զայն կ՛ամբողջացնէ-, ըսաւ Մհեր: -Հայոց լեզուի, ինքնութեան, պահանջատիրութեան եւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման գործընթացը կը դրոշմուի հայկական վարժարանին ընդմէջէն եւ միջոցով»:

Լորի Ապրաքեանը Սուրբ Յակոբ երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհին է: Ան ծնած է Մոնրէալ: Իր ծնողքը եկած են Պէյրութէն: Հայկական առօրեայ դպրոց չէ յաճախած: Լորին մայրենին սորված է շաբաթօրեայ վարժարանի միջոցով եւ այսօր կրթական առաքելութեան նուիրեալ մըն է: Լորիին հետ կը շրջագայէինք հայկական գեղեցիկ վարժարանին մէջ` ծանօթանալով անոր բոլոր կարելիութիւններուն: Դպրոցը օժտուած է ներկայ ժամանակներու կրթական կարելիութիւններ ստեղծող արդիական համակարգով: «Կարեւոր է, որ հայոց լեզուն հաճելի դառնայ երեխային եւ պատանիին», ըսաւ Լորի: «Մեր լեզուն դժուար է, բայց պէտք է սիրցնենք», շարունակեց ան:

Դպրոցի կրթական ծրագիրը տեղական է, եւ անոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն լաւագոյն արդիական ուսուցումներով դաստիարակելու աշակերտները, ներառեալ` մայրենի լեզուին ուսուցումը: «Խօսակցական հայերէնին շատ կարեւորութիւն կու տանք: Կը ջանանք նաեւ հայերէնի ուսուցումը հաւասարեցնել ֆրանսերէնին: Ֆրանսերէնի համար հինգ գիրքեր պէտք է կարդալ, հայերէնի համար` երեք: Կամաց-կամաց կը փորձենք կամրջել երկու լեզուներու ուսուցման միջոցառումները», բացատրեց ան:

Լորիին հետ շարունակեցինք շրջագայիլ դպրոցի դասարանները եւ խաղավայրերը: Կանգ առի աւարտական կարգի խումբ մը հայ աշակերտներու մօտ, եւ միասին զրուցեցինք հայերէնով: Հրաժեշտ առնելէս առաջ անոնց հարցուցի. «Հայերէնը կը սիրէ՞ք»: Պատասխանները եղան կարճ եւ հաստատ. «Շա՜տ»: «Շա՜տ»-ին մէջ կար զգացում, սէր եւ նուիրում: Եւ տակաւին` հպարտութիւն: «Շա՜տ»-ին մէջ տեսայ հայակերտումի եւ մարդակերտումի առաքելութեան արդիւնքները եւ անոր յաջողութիւնները:

Սուրբ Յակոբ վարժարանը ունի մօտաւորապէս հազար հայ աշակերտ: Եւ տակաւին կան աշակերտներ, որոնք կը սպասեն իրենց հերթին: «Եթէ դպրոցը վերցնենք, գաղութը կը մեռնի-, ըսաւ Լորին` հաստատ եւ համոզուած: – Դպրոցը կ՛արտադրէ այն, ինչ որ գաղութը պէտք ունի: Մեր ապագայ ղեկավարները հայ դպրոցէն կ՛ելլեն»: Լորին ճիշդ է իր տեսլականին մէջ: Հայ դպրոցը կը դարբնէ հայ անհատը եւ կը պատրաստէ հայուն առաջնորդները:

Մոնրէալ մեծ քաղաք է: Շատ են հայ ընտանիքները, որոնք իրենց զաւակները չեն կրնար հայկական ամէնօրեայ դպրոց ղրկել: Բայց շաբաթօրեայ վարժարանը, նոյնինքն` Սուրբ Յակոբի շրջափակին մէջ, մէկ այլ լաւագոյն ապացոյցն է, որ հայը կը սորվի ու կը պահէ մայրենին` ամէնօրեայ թէ շաբաթօրեայ դպրոցի միջոցով:

Շողիկ Ազարիկեանը եկած է Հալէպէն: Շողիկը եւ իր ուսուցչական կազմի նուիրեալ անդամները` բոլորն ալ սիրողական, հայ մանուկ-պատանիներու կը ջամբեն հայեցի դաստիարակութիւն իւրաքանչիւր շաբաթ օր: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ վայելեցի եւ ապրեցայ հոգեկան լիցքաւորումի պահ մը, երբ մտիկ ըրի աշակերտներուն երգը եւ արտասանութիւնները, բայց նաեւ հաճելի զրոյց ունեցայ անոնց հետ: Եթէ հարց-պատասխանի նման ժամանակ մը ունեցայ, բայց նոյնքան տեսայ հայ պատանիներուն ուշիմութիւնը, եւ թէ` անոնք որքա՛ն ատակ են սորվելու: Շաբաթօրեայ վարժարանին մէջ անոնք կը սորվին հայերէն, պատմութիւն, մշակոյթ եւ կրօն: Եթէ մէկ կողմէ տեսայ աշակերտներուն խանդավառութիւնը, բայց նաեւ` հայ ուսուցիչներուն նուիրական ծառայութիւնը: Հայակերտումը եւ հայապահպանումը կարելի չէ առանց մեծ զոհողութիւններու:

Սփիւռքահայ այս մեծ խճանկարին մէջ Մոնրէալի հայ գաղութը տուաւ կարեւոր օրինակ մը` հայապահպանումի եւ հայակերտումի: Սփիւռքը գունաւոր է, տարբեր եւ այլազան: Իւրաքանչիւր գաղութ ունի իր ապրելու եւ տոկալու գրաւականը: Պայմանները նոյնպէս կը փոխուին իւրաքանչիւր գաղութի հետ: Բայց կարելի է սորվիլ եւ, տակաւին, կամրջել մէկ գաղութի փորձը միւսին հետ:

Քաղաքական, ընկերային եւ քաղաքացիական տարբեր երեւոյթներ ունեցող սփիւռք(ներ) ենք` մեկնելով մեր ապրած երկիրներու տեղական պայմաններէն: Այս բոլոր տարբեր ենթահողերուն մէջէն կայ միացնող օղակը, իմա` առաքելութիւնը: Սփիւռք(ներ)ը անցողակի վիճակէն անցած է մնայուն կարգավիճակի: Այս պիտի նշանակէ, որ բոլորս պիտի լծուինք հայակերտումի եւ հայապահպանումի մեծ առաքելութեան: Այս վերջինը սփիւռքի(ներու) առաքելութիւնն է եւ անխուսափելի պարտականութիւնը` իւրաքանչիւր գաղութի: Եթէ մայրենին վտանգուած է, այս պէտք է նշանակէ որոնել միջոցներ, որպէսզի պահենք եւ վերապրեցնենք զայն:

Իսկ պահելու եւ վերապրեցնելու համար կան քանի մը կարեւոր հիմքեր: Առաջինը` հայ դպրոցը: Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն է. «բախտաւորուած ենք, որ լաւ հայկական դպրոց ունինք»:

Պիտի համոզուինք, որ հայ ընտանիքէն ետք հայ դպրոցը անհրաժեշտութիւն է մայրենի լեզուի պահպանումին ու հայակերտումի մեծ առաքելութեան մէջ: Պիտի փորձենք խուսափիլ վարժարան փակելու քաղաքականութենէն, որքան ալ ճգնաժամային ըլլայ դպրոցի մը բարոյական եւ նիւթական պարտաւորութիւնները «շալկել»-ը:

Եւ դարձեալ Մոնրէալ: Մհեր Գարագաշեանն է. «Ամէն ինչ կ՛ընենք, որ ժամանակին հետ քայլ պահենք: Եկեղեցի, դպրոց եւ Հայ կեդրոն` այս եռեակ գործիքակազմը կ՛աշխուժացնենք, որովհետեւ անոնք են մեր հիմքը, հայակերտումի եւ նոր սերունդ յառաջացնելու գրաւականը»:

Աբգար եպս. Յովակիմեանը Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդն է, Էջմիածնի կաթողիկոսութիւն: Մեր հանդիպումին ընթացքին սրբազան հայրը խօսեցաւ հոգեւոր ու քրիստոնէական արժեչափերու մասին եւ մատնանշեց որոշ մտահոգութիւններ: «Արեւմտեան ապակրօն ուսուցումներ եւ նոր արժեչափեր արդէն Քանատան ընդգրկած են, եւ անոնք սկսած են մուտք գործել հայկական իրականութեան մէջ», ըսաւ սրբազան հայրը: Աբգար սրբազան կ՛ակնարկէր դպրոցներուն մէջ սեռային դաստիարակութեան եւ ընտանեկան կառոյցներուն վրայ անոր ազդեցութեան: «Մենք դէմ յանդիման ենք այս նոր ուսուցումներուն, որոնք կը ներմուծուին հայկական իրականութիւններուն մէջ: Եկեղեցին որքա՞ն պիտի կարենայ հանդուրժել եւ դիմադրել այս իրականութիւններուն: Այս լուրջ մտահոգութիւն է մեզի համար», շարունակեց ան:

Եթէ հայակերտումի համար լեզուն եւ մշակոյթը անհրաժեշտ են, բայց հայակերտումի անքակտելի մասնիկներն են նաեւ մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ անոր ուսուցումը: Ներկայ օրերուն նոյնքան մեծ մտահոգութիւնն է այս նոր ալիքը, զոր դիմագրաւելու համար պէտք ունինք մեր եկեղեցիներուն եւ ազգային բոլոր միաւորներու ուժեղացումին:

Մոնրէալի հայ գաղութը` անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի բախումին միջեւ: Գաղութը այս բախումին ընդմէջէն կրցած է պատուհասը վերածել պատեհութեան: Պատեհութիւն, ուր ստեղծուած իրավիճակը կարելի է օգտագործել` պահելու մայրենին եւ զօրացնելու հայկական կառոյցները:

Պէտք է պահել հայկական դպրոցը: Պէտք է պահել հայկական կառոյցները: Եւ պէտք է ուժեղացնել զանոնք:

Պիտի խօսինք անգլերէն: Պիտի խօսինք ֆրանսերէն եւ, տակաւին, այլ լեզուներ, ինչպէս որ պէտք է եւ ստիպուած ենք` մեկնելով մեր սփիւռքեան իրավիճակներէն:

Բայց նաեւ պիտի պահենք մայրենին:

Քուէյթ, 6 նոյեմբեր 2024

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2024, 07:09