Կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ Պայքարի 16-Օրեայ արշաւ
Կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարի 16-օրեայ արշաւը ծրագիր մըն է, որուն սկիզբը դրուեցաւ 1991-ին Միացեալ Նահանգներու Նիւ Ճըրզի նահանգին մէջ: Այս արշաւին նպատակն է լուսարձակի տակ առնել կիներու նկատմամբ կիրարկուող բոլոր տեսակի բռնութիւնները` աշխարհի տարածքին արթնցնելով մարդկային խիղճը եւ ցոյց տալով բռնութիւններուն վատ ու սրտաճմլիկ հետեւանքները:
Այս արշաւը ամէն տարի կը սկսի 25 նոյեմբերին, նոյն այն օրը, որ Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) յայտարարած է իբրեւ «Կիներու նկատմամբ բռնութեան ջնջման միջազգային օր», եւ կը տեւէ 16 օր, մինչեւ 10 դեկտեմբեր, որ դարձեալ որդեգրուած է իբրեւ «Մարդկային իրաւունքներու օր»: Այս թուականները յատուկ ընտրուած են, որովհետեւ կիներու նկատմամբ բռնութեան դէմ պայքարը կը բխի մարդկային իրաւունքներու սկզբունքէն:
Այսօր 33 տարի անցած է այս ծրագիրի մեկնարկէն ի վեր, սակայն տակաւին կիներու նկատմամբ սեռային բնոյթի բռնութիւնները չեն պակսած, այլ աւելցած են համաշխարհային անլուծելի դժուարութիւններուն պատճառով, որոնց շարքին է ներկայ իրավիճակը մեր երկիր Լիբանանի մէջ, որ դժբախտաբար պատերազմական, քաղաքական, տնտեսական եւ առողջապահական անկումներ կը դիմագրաւէ: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք բռնութեան դրսեւորումները բազմացած են, եւ ինչպէս միշտ, լիբանանցի կիներն ալ այր մարդոց կողքին կ՛ազդուին երկրին դիմագրաւած բազմատեսակ տագնապներու մթնոլորտէն: Կիներու պարագային աղքատութիւնը, անարդարութիւնը եւ անօթութիւնը բոլորն ալ բռնութիւններու տարբեր դրսեւորումներ են:
Ներկայիս լիբանանցի ժողովուրդին զաւակները հարաւային Լիբանանի, Պաալպեքի եւ Պէյրութի որոշ շրջաններէն կը գաղթեն` հեռանալով իրենց հողերէն եւ տուներէն, կորսնցնելով իրենց հարազատներէն շատեր, կը տեղափոխուին զանազան նուազ վտանգաւոր շրջաններ, իսկ անոնցմէ շատեր ալ փողոցները անպատսպար կը սպասեն իրենց ճակատագիրին:
Ի՛նչ դաժան է կիներու կեանքը այսպիսի իրականութիւններու առջեւ, ուր անոնք պիտի փորձեն պաշտպանել իրենց զաւակները, կերակրել, ուսումնական գետնի վրայ, թերեւս դպրոցէ հեռու, իրենց թեւերուն տակ պահել զանոնք: Այս բոլորին կողքին, կիները իրենք զիրենք պիտի պաշտպանեն բռնութեան դրսեւորումներէն, որոնք օրըստօրէ կ՛աւելնան` տրուած ըլլալով, որ տեղահանուածներուն յատկացուած կեդրոնները բազմամարդ են, եւ այդ տեղահանուածները կ՛ապրին կողք-կողքի, նոյն վայրերուն մէջ:
Ի՛նչ դաժան է կեանքը լիբանանցի տեղահանուած կիներուն, որոնք վերոյիշեալ մարտահրաւէրներուն կողքին ներկայիս կը գտնուին իրենց առողջութեան վատթարացման վտանգին առջեւ` ի տես երկրի կենսոլորտային միջավայրի քանդումին եւ զանազան զէնքերու ու հրթիռներու գործածութեան իբրեւ հետեւանք քիմիական նիւթերու տարածման: Այս բոլորը սպառնալիք կը հանդիսանան հանրային առողջութեան եւ ընկերային կեանքին. դժբախտաբար ճգնաժամը կը ծաւալի, եւ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները զգալի ազդեցութիւն կ՛ունենան լիբանանցիներուն վրայ:
Ներկայիս կիներու նկատմամբ բռնութիւններուն վերաբերող մտահոգութիւններու վերլուծումները բոլորն ալ ամփոփուած են ՄԱԿ-ի թիւ 1325 բանաձեւին մէջ, որ կ՛ընդգրկէ կիներու ապահովութիւնը եւ խաղաղութիւնը` պատերազմի եւ կռիւի ականատես եղող երկիրներու մէջ: Բանաձեւը խստօրէն կը պահանջէ կիներու ներկայութիւնը եւ ներդրումը համերաշխութեան, բարգաւաճման եւ ապահովութեան պահպանման աշխատանքներուն մէջ: Լիբանան ե՛ւ ընդունած ե՛ւ որդեգրած է այս բանաձեւը:
Եւ վերջապէս յիշենք, որ հայ ազգին համար այսպիսի տառապանք նորութիւն մը չէ, այլ Ցեղասպանութեան եւ տարագրութեան օրերէն ի վեր իր դառն կնիքը դրոշմած է սերունդներուն վրայ, մանաւանդ երբ հայ սիրուն եւ մատղաշ աղջիկներ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ նորահարսեր բռնաբարուած են եւ նետուած Եփրատ գետը, իսկ շատեր թրքական պալատներու եւ տուներու մէջ ծառայած են:
Մենք` իբրեւ Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդ, կը մասնակցինք այս 16-օրեայ արշաւին եւ մեր ուխտը կը վերանորոգենք ծառայելու լիբանանցի կիներուն` պայքարելով, օրինագիծեր պատրաստելով եւ կիներու իրաւունքներուն վերաբերող հարցերը վերլուծելով: Այստեղ արժէ յիշել լիբանանցի կիները իրաւազրկող անգութ օրէնքները եւ անոնց փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս` մօր կողմէ լիբանանեան քաղաքացիութիւնը զաւկին շնորհելու հարցը, դատաստանական որոշ օրէնքներու փոփոխութիւնը, կանուխ ամուսնութիւններու կանխարգիլումը եւ ներկայիս բռնութեան հարցը մանաւանդ տեղահանուածները պատսպարող կեդրոններուն մէջ:
Վերջապէս ժամանակը հասած է, որ համաշխարհային ու ընկերային հասկացութիւնը փոխուի կիներուն նկատմամբ, եւ մարդկային հաւասարութիւնն ու ընկերային արդարութեան կայացումը անհրաժեշտութիւն դառնան, որովհետեւ քաղաքական փոփոխութիւնները աւելի կը մօտեցնեն կառավարական առաջնահերթութիւնները եւ ժողովուրդի պահանջները:
16-օրեայ արշաւի ընթացքին Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ բոլորին նախաձեռնելու օժանդակութեան, կարիքի համաձայն, տեղահանուածներու պատսպարման բոլոր կեդրոններուն մէջ, մոռնալով ազգային, կրօնական, քաղաքական եւ կուսակցական հակումներն ու հետաքրքրութիւնները` օգնելով լիբանանցի կիներուն մեղմացնելու իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները:
Սակայն այս բոլորէն աւելի այժմէական եւ կարեւոր են մարդկային մօտեցումը եւ ընկերային աջակցութիւնը, որպէսզի լարուածութիւնը առաջնահերթութիւն չնկատուի: Պէտք է աշխատինք ուժեղացնել խաղաղութեան ամրապնդման եւ հակամարտութիւններու մեղմացման տեղական միջոցները: Ճիգ պէտք չէ խնայել աշխուժացնելու աշխատանքը, որպէսզի լիբանանցի կիները մեծաթիւ ներկայութիւն ըլլան բարձր պաշտօններու եւ որոշումները տալու սեղաններուն շուրջ, բարձրագոյն մակարդակով, որպէսզի հասարակական եւ քաղաքական գործունէութիւնը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ, նորացուած եւ յաջող հայրենիքը` Լիբանանը կերտելու համար:
Յարգա՛նք լիբանանցի կիներուն եւ անոնց ընդմէջէն հայ կիներուն:
ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
Լիբանանցի Կիներու Ազգային Խորհուրդի Անդամ
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ