Կրեթա Թունպերկ Կրեթա Թունպերկ   (ANSA)

Կրեթա Թունպերկ մասնակցած է Իլհամ Ալիեւի դէմ ցոյցին

Շուէտացի բնապահպան գործիչը կոչ ուղղած էր երէկ ամբողջ աշխարհի տարածքին Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցեր կատարելու:

Շուէտացի բնապահպան գործիչ Կրեթա Թունպերկ մասնակցած է երէկ Թիֆլիսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին:

«Իլհամ Ալիեւը բռնապետ է» կարգախօսով տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին մասնակիցները կը պահանջէին ազատ արձակել ազրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալները, կը քննադատէին ՄԱԿ-ը ՔՈՓ29 խորհրդաժողովը Պաքուի մէջ կատարելու որոշումին համար:

«ՔՈՓ29-ը քաղաքական երեսպաշտութեան օրինակ է», գրուած էր այն պաստառին վրայ, որ ազրպէյճանական դեսպանատան առջեւ պարզած էր Թունպերկը:

Շուէտացի բնապահպան գործիչը կոչ ուղղած էր երէկ ամբողջ աշխարհի տարածքին Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ ցոյցեր կատարելու:

«Ասիկա գործողութեան հրատապ կոչ է: Էրտողան կը խօսի Պաղեստինի հետ համերաշխութեան մասին, սակայն Թուրքիոյ նաւահանգիստները կը մնան բաց` արտօնելով, որ քարիւղը հասնի Իսրայէլ եւ վառելանիւթ ապահովուի պաղեստինցիները սպաննող զինուորական մեքենայի համար: «Պաքու-Թիֆլիս-Ճէյհան» խողովակաշարը, որ կը շահագործէ «Պրիթիշ Փեթրոլիում»-ը եւ Ազրպէյճանի պետական քարիւղի ՍՈՔԱՐ ընկերութիւնը, կ՛ապահովէ Իսրայէլի քարիւղի մատակարարման գրեթէ կէսը: Էրտողանն ու Ալիեւը շահ կ՛ապահովեն` ամրապնդուելով համաշխարհային ուժանիւթային շուկային մէջ, մինչդեռ պաղեստինցիները կը վճարեն իրենց կեանքով», ըսած է ան:

Թունպերկ յիշեցուցած է, որ այս տարի կենսոլորտային փոփոխութիւններու ՔՈՓ29 խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ Ազրպէյճանի մէջ, որուն ծիրին մէջ երկրի իշխանութիւնները փորձ պիտի կատարեն «մաքրագործել» սեփական բնակչութեան նկատմամբ ճնշումները եւ Պաղեստինի ցեղասպանութեան մեղսակցութիւնը:

«Այս համաշխարհային քարոզարշաւը կը պահանջէ պատասխանատուութիւն: 11 նոյեմբերին մենք պիտի հաւաքուինք աշխարհի վրայ թրքական դեսպանատուներուն մօտ` պահանջելու արդարութիւն Պաղեստինի համար, եւ որ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը վերջ տան իրենց մեղսակցութեան: Կանգնեցէ՛ք մեր կողքին եւ եկէ՛ք միասին բարձրաձայնենք` դադրեցէ՛ք սնուցանել ցեղասպանութիւնը», ըսած է գործիչը:

Ան աւելցուցած է, որ 16 նոյեմբերին հերթական համաշխարհային ցոյցը պիտի ըլլայ ինքնին ՍՈՔԱՐ-ի դէմ:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2024, 07:00