Իսրայէլ կը դադրեցնէ ՄԱԿ-ի գործակալութեան (UNRWA) հետ համագործակցութիւնը
Իսրայէլը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր վեհաժողովի նախագահ Ֆիլեմօն Եանկին տեղեկացուցած է ՄԱԿ-ի պաղեստինցի փախստականներուն օգնութեան եւ աշխատանքներու կազմակերպման գործակալութեան (UNRWA) հետ համագործակցութեան դադրեցման մասին: Այս մասին յայտարարած է համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ երկրի մշտական ներկայացուցիչ Տենի Տանոնը։
«Կազայի մէջ գործակալութիւնը կը վերահսկուի «Համաս»-ի կողմէ։ Իսրայէլը պիտի շարունակէ համագործակցիլ մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ, բայց ոչ այն կազմակերպութիւններու, որոնք կը խրախուսեն ահաբեկչութիւնը Իսրայէլի դէմ»,-նշած է Տանոնը։
Աւելի վաղ Իսրայէլի Քնեսեթը (խորհրդարանը) հաւանութիւն տուած էր օրինագիծերուն, որոնք ուղղուած են Իսրայէլի մէջ, ինչպէս նաեւ անոր կողմէ վերահսկուող տարածքներուն մէջ ՄԱԿ-ի Մերձաւորարեւելեան գործակալութեան գործունէութեան արգելման:
Իսրայէլը յայտարարած էր, որ իբր 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին երկրի վրայ պաղեստինեան «Համաս» շարժման յարձակման գործակալութեան որոշ աշխատակիցներ մասնակցութիւն ունեցած են։ Սակայն գործակալութեան գործունէութեան մասին ՄԱԿ-ի զեկոյցէն յստակ կը դառնայ, որ Իսրայէլ չէ կրցած ապացոյցներ ներկայացնել, որոնք կը հաստատէին, որ ՄԱԿ-ի Մերձաւորարեւելեան գործակալութեան աշխատակիցները ներգրաւուած են ահաբեկչական գործունէութեան մէջ:
Աղբիւրը` Արեւելք
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ