Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին շնորհաւորական նամակը` ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին
Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին.
Նորին Վսեմութիւն
Տանըլտ Թրամփ
Ընտրեալ Նախագահ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու
Սիրելի՛ պրն. նախագահ,
Անհուն ուրախութեամբ կ՛ողջունենք ձեզ` իբրեւ ընտրեալ նախագահ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու: Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը, որ վստահաբար խոստմնալից էջ մը պիտի բանայ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:
Արդարեւ, դուք ձեր պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէք աշխարհի պատմութեան ճակատագրական մէկ հանգրուանին: Վստահ ենք, որ ահաւոր տագնապներով եւ մարդկային իրաւանց բռնաբարումներով լեցուն աշխարհին մէջ, դուք առաջնորդողի դեր պիտի ունենաք` արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան հաստատումին ու մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ու ճանաչման մէջ: Նաեւ վստահ ենք, որ դուք ձեր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ, ուժեղ ղեկավարութեամբ եւ միջազգային լայն կապերով պիտի կարենաք ամուր հաւատքով ու քաջութեամբ դիմագրաւել մարդկութիւնը յուզող տագնապները:
Վստահ կրնաք ըլլալ, պրն. նախագահ, մեր ամուր բարեկամութեան: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ զօրացնէ ու առաջնորդէ ձեզ` ձեր պատասխանատուութեան ու առաքելութեան մէջ:
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ