Լիբանանի մէջ ՈՒՆԻՖԻԼ-ի զինուորները Լիբանանի մէջ ՈՒՆԻՖԻԼ-ի զինուորները  (AFP or licensors)

ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններու պատասխանատուն. «ՖԻՆԻՒԼ»-ի զինուորները Լիբանանի մէջ իրենց դիրքերուն վրայ կը մնան»

Լաքրուա ՄԱԿ-ի մէջ մամլոյ ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ քանի մը շաբաթ առաջ «Իսրայէլ մեզի տեղեկացուց, որ ՄԱԿ-ի զինուորները Կապոյտ գիծէն հինգ քիլոմեթր հեռացնելու իր պահանջը զանոնք պաշտպանելու համար է», «սակայն որդեգրեցինք ողջախոհ որոշում մը, թէ անոնց մնալը կենսական է»:

ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղապահ գործողութիւններու պատասխանատու Ժան-Փիեռ Լաքրուա վերահաստատեց, որ «ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահները կը մնան» եւ անոնք «կառչած կը մնան իրենց դիրքերուն»:

Լաքրուա ՄԱԿ-ի մէջ մամլոյ ծառայութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ քանի մը շաբաթ առաջ «Իսրայէլ մեզի տեղեկացուց, որ ՄԱԿ-ի զինուորները Կապոյտ գիծէն հինգ քիլոմեթր հեռացնելու իր պահանջը զանոնք պաշտպանելու համար է», «սակայն որդեգրեցինք ողջախոհ որոշում մը, թէ անոնց մնալը կենսական է»:

«Չենք կարծեր, որ եթէ Կապոյտ գիծի երկայնքին եղող այդ դիրքերէն հրաժարինք, անոնք կրնան մէկ կամ միւս կողմէն գրաւուիլ: Ատիկա վատ պիտի ըլլայ շարք մը պատճառներով, ներառեալ նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի չէզոքութիւնն ու անկողմնակալութիւնը», աւելցուց Լաքրուա:

ՖԻՆԻՒԼ-ի բանբերը չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, թէ առաքելութիւնը հոկտեմբերի սկիզբէն ի վեր ենթարկուած է աւելի քան 30 դէպքերու, որոնց շուրջ 20-ը կրակոց են կամ իսրայէլեան բանակին կողմէ գործուած արարքներ:

Լաքրուա նշեց, որ այդ պատճառով կառոյցներ վնասուած են, եւ Լիբանանի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութեան սկիզբէն ի վեր շուրջ 20 խաղաղապահներ վիրաւորուած են:

«Բարեբախտաբար անոնք բոլորն ալ ողջ-առողջ են, սակայն ատիկա ցոյց կու տայ բնոյթը այն վտանգներուն, որոնց կ՛ենթարկուին», ըսաւ ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններու պատասխանատուն:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 07:30