2024.11.22 Rev Avetik Katchadourian nuovo capo chiesa evangelica in Armenia

Վեր. Աւետիք Խաչատրեան ստանձեց Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցւոյ Աւագ Հովիւի պաշտօնը

ՀԱԵ ՀԽ նորընտիր նախագահ վեր. Վարդան Ափինեան տարեկան համաժողովի աւարտին յայտարարեց Աւագ Հովիւի ընտրութեան արդիւնքներն ու բեմ հրաւիրեց նորընտիր խորհուրդի անդամները ու նորընտիր աւագ հովիւը: Վեր. Ափինեան ընթերցեց Պողոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղուած երկրորդ նամակի 4.1-5 համարներու յորդորն ու խորհուրդի միւս անդամներուն հետ միասին աղօթեց ՀԱԵ Աւագ Հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեանի համար:

15 նոյեմբեր, 2024-ին ՀԱԵ տարեկան համաժողովին ընտրուած Հոգեւոր Խորհուրդը իր առաջին փակ նիստին ընթացքին, ՀԱԵ ներքին ու արտաքին կանոնադրութեան համաձայն, ընտրեց ՀԱԵ աւագ հովիւը: Ձայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ միակ թեկնածուն՝ Վեր. Աւետիք Խաչատրեանն էր, որ արդէն երկու ամիսէ ի վեր աւագ հովիւի ժամանակաւոր պաշտօնակատարն էր, եւ ան ընտրուեցաւ այս պաշտօնին յառաջիկայ 4 տարիներուն համար: 

ՀԱԵ ՀԽ նորընտիր նախագահ վեր. Վարդան Ափինեան տարեկան համաժողովի աւարտին յայտարարեց Աւագ Հովիւի ընտրութեան արդիւնքներն ու բեմ հրաւիրեց նորընտիր խորհուրդի անդամները ու նորընտիր աւագ հովիւը: Վեր. Ափինեան ընթերցեց Պողոս առաքեալի Տիմոթէոսին ուղղուած երկրորդ նամակի 4.1-5 համարներու յորդորն ու խորհուրդի միւս անդամներուն հետ միասին աղօթեց ՀԱԵ Աւագ Հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեանի համար: 

Վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեան ծնած է 1976-ին Աշտարակ քաղաքին մէջ: Միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է տեղւոյն թիւ 3 դպրոցէն ներս: Որմէ ետք 1993-1999 ուսանած եւ աւարտած է Երեւանի Հրաչեա Աճարեանի անուան համալսարանը ու ստացած միջազգային տնտեսական յարաբերութիւններու մագիստրոսի աստիճան: 1996-1998, օգտուելով  յետաձգման իրաւունքէն, պատադիր զինուորական ծառայութիւնը կատարած է ՀՀ ԶՈՒ-ի մէջ: Համալսարանը աւարտելէն ետք աշխատած է տարբեր ոլորտներու մէջ,ան ղեկավարած է սեփական գործ եւ եղած է թերթի խմբագիր: 2000 թ.-ին՝ Աստուծոյ ճամբուն մէջ ըլլալու միտումով եւ սեփական որոշումով մկրտուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, սակայն իրական ապաշխարութիւն ու վերստին ծնունդ ունեցած  է մէկ տարի ետք, Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդական ճամբարի ընթացքին, ուր հրաւիրուած էր մտերիմ ընկերոջ մը կողմէ: Կեանքը Աստուծոյ նուիրելէ ետք սկսած է աշխուժօրէն ծառայել նախ Երեւանի Նիկոլ Դուման փողոցի վրայ գտնուող ՀԱԵ-ի պատանեկան ու երիտասարդական ծրագիրներուն: 2002 թուականէն սկսեալ 3 տարի ազատ ունկնդիր եղած է ՀԱԵ Աստուածաբանական հիմնարկէն ներս, իսկ 2005-ին պաշտօնապէս ընդունուած ու 2009-ին աւարտած է ստանալով աստուածաբանութեան պսակաւոր գիտութեան կոչում: 2007-ին ամուսնացած է իր դասընկերուհի՝ ՀԱԵ ՔԴ ծառայող Ցոլինէ Միքայէլեանի հետ: Ուսման տարիներէն մինչեւ օրս անդադար հովուական ծառայութեան մեջ եղած է: Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծառայութիւնը իրականացուցած է Բիւրեղավանի մէջ, հովուական ծառայութիւն՝ Նիկոլ Դուման եւ Բաղրամեան 18 հասցէներուն վրայ գտնուող ՀԱԵ- կեդրոններուն մէջ: 2013-ին գործնական ուսուցում ու փորձաշրջան ունեցած է Լիբանանի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն ներս: 2013-ին քարոզչութեան արտօնութիւն ու պատուելիի կոչում ստացած է ու շարունակած ծառայութիւնը Բաղրամեան 18-ի մէջ՝ որպէս օգնական հովիւ: Դեկտեմբեր 2016-էն սկսեալ ստանձնած է Աբովեանի ՀԱԵ-ի հովութիւնը, ուր 8 ամիս ծառայելէ ետք վերադարձած է Բաղրամեան, 18 Հոկտեմբեր 2017-էն ստանձնած է ՀԱԵ ՔԴ բաժնի տնօրէնի պարտականութիւնները, որոնք կը կատարէ մինչեւ օրս: 8 ապրիլ 2018-ին ձեռնադրուած է ու ստացած վերապատուելիի կոչում: ՔԴ տնօրէնի պաշտօնի հետ համատեղութեան կարգով 2020-էն հովուական ծառայութիւն  կատարած է Երեւանի Յոյսի Տուն Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցիէն ներս: Իսկ օգոստոս 2021-էն մինչեւ օրս ՀԱԵ ՀԱԹ-ի հոգեւոր հովիւն է: Վերապատուելի Աւետիք Խաչատրեան հայր է երկու դուստրերու:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2024, 12:48