«Խաղաղապահ զինուորներու վրայ որեւէ յարձակում միջազգային օրէնքներու եւ թիւ 1701 որոշումի բացայայտ խախտում է» կը շեշտէ ՖԻՆԻՒԼ
Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժերը` ՖԻՆԻՒԼ-ը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ շաբաթ կէսօրին ֆրանսացի եւ ֆինլանտացի խաղաղապահներէ բաղկացած ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժ մը Պտիաս գիւղին մէջ պարեկութիւն կատարելու ընթացքին խումբ մը անհատներ, որոնցմէ առնուազն մէկը զինուած էր, անոնց աշխատանքին արգելք հանդիսացած են:
Պարեկութիւն կատարող զինուորները յաջողած են շրջանցել խոչընդոտները եւ շարունակած իրենց ծրագրուած երթը:
«Մէկ ժամ ետք, այդ ուժին Մաարաքէ գիւղէն անցած ընթացքին անոր թիկունքէն շուրջ 40 փամփուշտ արձակուած է, եւ հաւանական է, որ այդ կրակոցը ոչ կառավարական կողմերու անդամ անհատներու կողմէ էր: Կարճ ժամանակ ետք պարեկներուն հրամանատարը հրամայած էր շրջանէն արագօրէն դուրս գալ` պահելով ծրագրուած երթը, պարեկութիւն կատարող ուժը ապահով կերպով հասաւ Տէյր Քիֆայի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ռազմակայան, եւ անմիջապէս լիբանանեան զինեալ ուժերը տեղեակ պահուեցան դէպքին մասին», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:
Միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը մեքենաներ փամփուշտներ ստացած են, սակայն խաղաղապահ զինուորներէն ոչ ոք վնասուած է:
ՖԻՆԻՒԼ դէպքին շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկած է:
«ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ զինուորները Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ անոնց վստահուած առաքելութիւնը կատարելու ընթացքին կանոնաւոր կերպով թիրախաւորելը անընդունելի է: Երէկուան դէպքը նոր խիստ յիշեցում է այն վտանգաւոր կացութեան մասին, որուն մէջ հարաւային Լիբանանի մէջ առօրեայ դրութեամբ կ՛աշխատին խաղաղապահ զինուորները», նշեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդագրութիւնը:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ