Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը Մարոնիներուն Ռայի պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարք. «Եթէ տեղահանութիւնը անտեսուի, քաղաքացիներու միջեւ ընկերային ու Տնտեսական խնդիրներու պատճառ պիտի դառնայ»

Ռայի Պատրիարքին կոչը «Ապահովութեան խորհուրդին եւ արաբական ու միջազգային ընտանիքներուն կոչ կ՛ուղղենք` դիւանագիտական միջամտութիւն կատարելու եւ դադրեցնելու Հըզպալլայի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմը»։

Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց. «Ժողովուրդն է աղբիւրը իշխանութեան եւ տէրը գերիշխանութեան, զորս կը գործադրէ սահմանադրական հաստատութիւններու ճամբով»:

«Նախագահը չընտրելու շարունակման, խորհրդարանի եւ նախարարաց խորհուրդի աշխատանքի անկանոնութեան նկատմամբ ժողովուրդի կարծիքը ի՞նչ է: Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ քանդիչ պատերազմին մասին ժողովուրդի կարծիքը ի՞նչ է. վստահ ժողովուրդը քանդիչ զէնքերուն կիրարկման լոյսին տակ անոր դէմ է», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

«Աւելի՛ն, մինչեւ ե՞րբ զինադադար պիտի չհաստատուի: Պատերազմին մէջ բոլորը պարտուած ու բեկանուած են, եւ տեղահանութիւնը յաւելեալ խնդիրներ կը ստեղծէ, եւ պէտք է պահպանել սեփական կալուածները», յայտնեց ան:

«Եթէ տեղահանութիւնը անտեսուի, քաղաքացիներուն միջեւ ընկերային ու տնտեսական խնդիրներու պատճառ պիտի դառնայ», նշեց ան:

«Պէտք է տարակարծութիւններու ուրուականը հեռացնել եւ դատարկել կրթական հաստատութիւնները, որովհետեւ կրթութիւնը սննդեղէնի պէս կարեւոր է մեր զաւակներուն համար», յայտնեց մարոնիներու պատրիարքը:

«Ապահովութեան խորհուրդին եւ արաբական ու միջազգային ընտանիքներուն կոչ կ՛ուղղենք` դիւանագիտական միջամտութիւն կատարելու եւ դադրեցնելու Հըզպալլայի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմը», յայտնեց Ռայի պատրիարքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2024, 07:46