«Հըզպալլան պէտք է այս պատերազմէն դասեր քաղէ, եւ չէզոքութիւնը Լիբանանի մէջ խաղաղութեան միակ ընտրանքն է» կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարք
Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ ուրիշէն լաւ ըլլայ, որովհետեւ իր ըսածը կը գործադրէ: Կը կարծենք, որ Սպիտակ տուն անոր հասնիլը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ մեր երկրին վրայ, եւ այն, ինչ որ այդ ցուցանիշը կ՛ամրապնդէ, անոր աշխատանքային խումբին մէջ լիբանանցիներու գոյութիւնն է: Կը մաղթենք այդ յարաբերութիւնները ի սպաս դնել բացառապէս ի շահ Լիբանանի»:
«Ինչ կը վերաբերի մեր նախագահին, ապա չմոռնանք, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ պետութիւնն է, ուստի կրնայ Թրամփի ընտրութիւնը արագացնել մեր մօտ նախագահական աթոռի դատարկութեան աւարտը, որովհետեւ ան շրջանին ու աշխարհին լուծումներ խոստացաւ», յայտնեց պատրիարքը:
Մեկնաբանելով այն նախատեսութիւնները, թէ շրջանին մէջ լարուածութեան մագլցում կը սպասուի` Իրանի նկատմամբ Թրամփի կարծր կեցուածքին հետեւանքով, մարոնիներու պատրիարքը յայտնեց. «Մենք առանցքներու քաղաքականութեան մէջ չենք մտներ, այլ անկախ, գերիշխան հայրենիք մը կ՛ուզենք, օտար որեւէ բանակէ կամ անոր իշխող արտաքին պետութիւններէ ազատագրուած: Ուստի եթէ Թրամփ յայտարարէ, որ Լիբանանը իրանեան ազդեցութենէն պիտի ազատագրէ, բարիք կը յուսանք, որովհետեւ հոգատարութիւններէն կշտացանք, եւ ժամանակն է, որ անկախ ապրինք»:
«Կարելի չէ արգելակիչ գօտիի մը ստեղծումը ընդունիլ, եւ եկեղեցին կը պայքարի ապահովելու համար սահմանակից քրիստոնէական գիւղերուն մէջ մեր հարազատներուն տոկունութիւնը», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներու դեսպանը մեզի խոստացաւ սահմանային գիւղերու մէջ տոկացողներուն վերաբերեալ օգնել, սակայն հեռացաւ ու չվերադարձաւ»:
«Ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան կողմէ, նախագահի բացակայութեան, նշանակումի որոշումի որդեգրումը, նախագահի լիազօրութեան նկատմամբ ոտնձգութիւն է, եւ զայն պիտի չընդունինք», ըսաւ մարոնիներու պատրիարքը:
«Երկիրը առանց նախագահի ձգելը ոճիր է, եւ եթէ խոչընդոտողները շարունակեն իրենց խոչընդոտումը, ապա բանակի հրամանատարի պաշտօնավարման երկարաձգման բեմագրութիւնը պիտի կրկնուի», նշեց Ռայի պատրիարքը:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ