Հալէպի մէջ.Ներկայացուած է Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար եպս. Աշքարեանի հեղինակած 5 հատորներ
Ուրբաթ, 1 Նոյեմբեր 2024-ին ԱՄԺ Տան «Լ․ Շանթ» սրահէն ներս հոծ բազմութեան ներկայութեան տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Արք․ Աշգարեանի այս տարուան մէջ հրատարակած հետեւեալ հինգ գիրքերուն՝ «Քրիստոսաբանութիւն», «Բարոյագիտութիւն», «Ճանապարհորդութեան Հացը», «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով․ Մատթէոս Աւետարանի Գլուխներու Բացատրողական» Ա. եւ Բ. հատորներ։
Շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ նախաձեռնութեամբ թեմի Ազգ․ Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Գանձասար» շաբաթաթերթի խմբագրութեան եւ վարչութեան։
Երեկոյթին ներկայ էին Բերիոյ Հայոց ԹԵմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեան, Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի․ Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան, Սուրիոյ Խորհրդարանի երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արա Աւետիսեան, Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադեւոսեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգային Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեան եւ ներկայացուցիչ Աւօ Տէրվիշեան, ՀՕՄ-ի Կեդր․ Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիրան Ամպարճեան, հալէպահայ միութիւններու, կրթական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեշնորհ հայրեր, ուսուցչական կազմեր, թեմի եկեղեցիներու թաղականութիւններ եւ դպրաց դասեր, «Սուրբ Գիրք» Ընկերութեան ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն մը։
Աննա Սաղպազարեան երեկոն բաց յայտարարեց, ապա հրաւիրեց «Գանձասար»-ի վարչութեան ներկայացուցիչ Թիլմա Մուրատեանը արտասանելու վարչութեան խօսքը։
Մուրատեան ըսաւ ․« Շնորհանդէսը գիրքի տօնն է, որուն նպատակն է լոյսին բերել մարդկային մտքի ստեղծագործութեան, տքնանքի, այս պարագային նաեւ աստուածային ներշնչանքի արդիւնքը, որ կը հարստացնէ մեր կեանքը, կ՛ընդլայնէ մեր մտքի հորիզոնները եւ ելեկտրականացած այս աշխարհին մէջ վառ կը պահէ մեր հոգիին լոյսն ու հաւատքը»։
Ներկաները այնուհետեւ հետեւեցան Մակար սրբազանին ցարդ հրատարակած գիրքերու հունձքը ներկայացնող տեսերիզի մը, որուն բնաբանը պատրաստած էր Մարինա ՉիլԱբօշեան-Պօղիկեան։
Գեղարուեստական յայտագիրով Համազգայինի «Բ․ Կանաչեան» երժշտ․ դպրոցի ուսուցչուհի Անի Պօղիկեան (դաշնամուր) եւ շրջանաւարտ Սերենա Պէրպէրեան (ջութակ) նուագեցին Կոմիտաս վարդապետի «Հով Առէք»-ը, հոգեպարար մթնոլորտ մը ստեղծելով։
Մակար Սրբազանի «Աստուած Մարդ Յարաբերութիւնը Քրիստոսով. Մատթէոս Աւետարանի Գլուխներու Բացատրողական» երկհատոր գիրքը ներկայացուց «Գանձասար» պաշտօնաթերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան։
Պօղիկեան յայտնեց, որ Մակար սրբազան երկու ծաւալուն հատորներու մէջ Աւետարանի իւրաքանչիւր գլուխէ ընտրուած համարներու վերաբերող հարցումներ ուղղած է ու մեկնելով աւետարանական հատուածներէ կարճ պատասխաններ տուած, որոնց կողքին պատասխանները բացատրած է մանրամասնօրէն՝ մէջբերելով 2-րդ դարէն սկսեալ մինչեւ 21 դար երկարող ընդհանրական, ինչպէս նաեւ մեր եւ օտարազգի եկեղեցւոյ հայրերու վկայութիւններ ու մեկնողական գրականութենէն քաղուած կարեւոր գիտելիքներ։ Այնտեղ կը հանդիպինք նաեւ աշխարհագրական, պատմական, ազգային եւ մշակութային տեղական ըմբռնումներու, կենցաղային եւ ընկերային սովորութիւններու, բարքերու եւ սկզբունքներու մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններու։
Ապա դիտել տուաւ, որ սրբազան հայրը լաւապէս կը բացատրէ օգտագործուած այլաբանական բառերուն ոչ միայն բառական նշանակութիւնը, այլեւ հոգեւոր իմաստը։ Օրինակ․ առակներէն մէկուն բացատրութեան մէջ կը գրէ․ «Ինչպէս թթխմորը ստուգապէս կը գործէ եւ կը խմորէ, նոյնպէս եւ Աստուծոյ խօսքը լուռ կերպով, բայց զօրութեամբ կը գործէ մարդու կեանքին մէջ»։
Պօղիկեան փափաք յայտնեց, որ գիրքը թուայնացուած տարբերակով հասանելի դառնայ նաեւ առցանց հարթակներու վրայ։
Ձեռնարկին իւրայատուկ երանգ մը տուաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, իր ութնեակով, քառաձայն երգեցողութեամբ ներկայացնելով Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» երգը, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան- Տէրեանի։
Առաջնորդ սրբազան հօր «Քրիստոսաբանութիւն», «Բարոյագիտութիւն» եւ «Ճանապարհորդութեան Հացը» գիրքերը ներկայացուց պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի դասախօս եւ «Գանձասար»-ի մնայուն աշխատակից դոկտ․ Հուրի Ազէզեան։
Ազէզեան իր խօսքին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ․ Վարչութեան այս գեղեցիկ նախաձեռնութեան համար, եւ որպէս «Գանձասար»-ի մնայուն աշխատակից իր գնահատանքը յայտնեց թերթի ժիր ու կորովի աշխատակազմին, որ խմբագրութեան եւ վարչութեան գլխաւորութեամբ մամուլի առաքելութեան զուգահեռ համայնքին կեանքը կը հարստացնէ կազմակերպելով այսպիսի ձեռնարկներ։
Ապա դիտել տուաւ, որ տագնապալից այս օրերուն, Աստուծոյ խօսքերը դարձեալ կը ճառագայթեն մայր գաղութէն, Հալէպէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խոստմնալից միաբանին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդին՝ Գերշ․ Տէր Մակար Սրբ․ Արք․ Աշգարեանի հոգիին, մտքին ու գրիչին արքասիքը հանդիսացող եւ ժամանականի տարաբնոյթ տագնապները դիմագրաւելու համար մեզ սպառազինման հրաւիրող հինգ արժէքաւոր հատորներով, որոնցմէ երեքը պիտի ներկայացնէ։
Ամբողջական ու բովանդակալից նախաբանէն ետք, նկատի ունենալով որ վերոյիշեալ երեք հատորները թարգմանական աշխատանքներ են, դոկտ․ Հուրի Ազէզեան հակիրճ կերպով ներկայացուց թարգմանական արուեստը եւ հայ ազգային գրականութեան ու մշակոյթի կազմաւորման պարագային, հաստատեց թարգմանութիւններու անփոխարինելի դերը։
Ան իւրաքանչիւր գիրք ներկայացուց առանձնաբար, փոխանցեց անոնց հրատարակչական տեղեկութիւնները, նպատակներն ու թարգմանիչ սրբազան հօր նպատակամէտ աշխատանքը։ Ապա բացատրեց բովանդակութեան մանրամասնութիւնները զուգորդուած դիպուկ մէջբերումներով եւ եզրայանգումներով։
Իր խօսքի աւարտին ներկայացուած նիւթը ամփոփեց ըսելով․ «Մեր տրամադրութեան տակ դրուած են մասնագիտական հմտութեամբ եւ իրողապէս ապրուած կեանքի մը հարուստ կենսափորձով թարգմանուած, մաքուր արեւմտահայերէնով, համապատասխան բառապաշարով, 21-րդ դարու համար նպատակայարմար կրօնական, հոգեւոր, դաստիարակչական, ուսուցողական երեք գեղատիպ հատորներ, որոնք իրենց արժանի տեղը պիտի գրաւեն մեր աշխատանքի գրասեղաններուն, կամ գիշերային լուսամփոփներուն մօտ։ Այս գիրքերուն բաղկացուցիչ հմայքը կը հանդիսանայ նաեւ անոնց որակական լուրջ մօտեցումը դէպի համայնականը, նոյնիսկ դէպի համամարդկայինը։ Կը կարծենք, թէ իւրաքանչիւր ընթերող, ուր որ ալ ըլլայ, ժամանակի եւ միջոցի որ ոլորտին մէջ ալ գտնուի, անոնց մէջ տեղ մը անպայման պիտի տեսնէ ինքզինք, պիտի գտնէ գիտակցական յղացքով կենսաւորուած իր հաւատքը, իր ապրումները, ինչու չէ նաեւ երազանքները՝ յարանուաճ յաջողութիւններու տեսիլքով գօտեպնդուած»։
Օրուան հանդիսավար Աննա Սաղպազարեան ընթերցեց այս առիթով առաքուած շնորհաւորագրերն ու ծաղկեկողովներու շնորհաւորական բացիկները, ապա հրաւիրեց սրբազան հայրը իր խօսքը ուղղելու եւ պաշտօնական հիւրերուն եւ բանախօսներուն հետ գինեձօնի արարողութիւնը կատարելու։
Սրբազան հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց այս ձեռնարկի կազմակերպման եւ իրագործման նպաստող եւ յայտագրին մասնակցող բոլոր կողմերուն, յատկապէս գիրքերը ներկայացնողներուն եւ մեկենասներուն՝ Տէր եւ Տիկ․ Բենօ Պետրոսեաններուն, Գասապեան եղբայրներուն, Տէր եւ Տիկ․ Խաչիկ Մելքոնեաններուն եւ «Ս․ Գիրքի» ընկերութեան Հալէպի պատասխանատու կազմին, դիտել տալով որ բոլորիս մէջ Աստուածային շնորհքն է որ կը գործէ՝ կազմակերպիչները, գիրք գրողները թէ բանաստեղծները՝ իւրաքանչիւրը իր մարզին մէջ յառաջացնելու։
Մակար սրբազան դիտել տուաւ, որ ըլլալով եկեղեցական շրջագիծի մէջ, իր հետաքրքրութիւնները ուղղուած են հոգեւոր, աստուածաշնչական, աստուածաբանական, վարդապետական եւ ընկերաբարոյական նիւթերու շուրջ։
Ապա ըսաւ, որ երբ առիթը ունեցած է Եզեկէլի մարգարէութեան երրորդ գլուխը կարդալու, այդ օրուընէ իր մէջ արթնցած է նախանձախնդրութիւն՝ հրատարակչական աշխատանքի ճամբով հասնելու երիտասարդութեան կամ ժողովուրդին, որովհետեւ հոգեւորականի հիմնական կոչումը՜ վարչական իր աշխատանքներուն կողքին Աստուծոյ խօսքի քարոզչութիւնն է եւ ժողովուրդը այդ իմաստով յորդորելն ու առաջնորդելը։
Առաջնորդ սրբազան հայրը մէջբերեց Եզեկէլի մարգարէութեան երրորդ գլուխէն հետեւեալ համարը․ «Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով․ ՛՛Որդի մարդոյ, քեզ Իսրայէլի տանը դէտ դրի։ Երբ ամբարիշտին ըսեմ, թէ անշուշտ պիտի մեռնիս եւ դուն զանիկա չզգուշացնես ու չըսես որ ամբարիշտը ապրելու համար՝ իր չար ճամբայէն զգուշանայ, այն ամբարիշտը իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց անոր արիւնը քու ձեռքէդ պիտի պահանջեմ։ Իսկ եթէ դուն ամբարիշտը զգուշացնես ու անիկա իր ամբարշտութենէն եւ չար ճամբայէն չդառնայ, անիկա իր անօրէնութեանը մէջ պիտի մեռնի, բայց դուն քու հոգիդ ազատած կ՚ըլլաս»։
Սրբազան հայրը մէջբերումը բացատրելով յայտնեց, թէ այս խօսքով եկեղեցականներուս ուսերուն պարտականութիւն դրուած է՝ հսկել հաւատացեալներու կեանքին, յուշել, զգուշացնել, ուղղել, ուսուցանել, բայց քանի՞ հոգիի կրնանք հասնիլ։ Ահա այս պատճառով սրբազան հայրը ընտրած է գիրքեր հրատարակելու միջոցը, աւելի մեծ թիւով մարդոց հասնելու, որովհետեւ մարդ գիրքը կը կարդայ, կը պահէ իր գրադարանին մէջ, ուրկէ իր զաւակներն ու թոռներն ալ կրնան առնել ու ընթերցել։ Գիրքը կը մնայ երկար ժամանակ ու կը հասնի մեծ թիւով հաւատացեալներու։ Աստուծոյ խօսքը կը լուսաւորէ եւ կոչումի գիտակցութիւնը կ՛արթնցնէ եւ իմաստութեամբ կը լեցնէ ոչ միայն հոգեւորականին, այլեւ իւրաքանչիւր մարդու կեանքը։
Մակար սրբազան ըսաւ, որ այս է իմ պարտականութիւնը՝ Աստուծոյ կողմէ այդ նախանձախնդրութեան կրակը կայ իմ մէջ, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, նոր սերունդը յորդորելու եւ ուղղելու։ Աշխարհը դէպի կործանում կ՛առաջնորդուի, եւ մենք Աստուծոյ առաջնորդութեան կարօտը ունինք։ Ասոնք բոլորը այս գիրքերուն ճամբով կը փոխանցուին մեր հաւատացեալներուն։
Սրբազան հայրը յայտնեց, որ գիրքերը անվճար տրամադրուած են բոլորին։ Կարեւորը սակայն կարդալն է, խորանալն է անոնց մէջ։ Եթէ մենք ապրինք Աստուծոյ կամքին համաձայն, կը յաղթանակենք, որքան ալ որ աշխարհը մեզ տապալել փորձէ։
Մակար սրբազան այնուհետեւ մէջբերեց սաղմոսերգուի հետեւեալ խօսքը․ «Քու խօսքերուդ մեկնութիւնը լոյս կը բերէ, կ՛իմաստնացնէ մարդիկը եւ պարզամիտները։ Անյագօրէն փափաքեցայ խօսքերդ ներծծել, որովհետեւ ուզեցի պատուիրաններդ ճանչնալ»։ Ուրիշ տեղ մը աւելցուց․ «Սորվեցո՛ւր ինծի, Տէ՛ր, կանոններդ պահելու կերպը», այլ խօսքով սորվեցուր կամքդ ճանչնալ, որպէսզի կարողանամ անոր համաձայն ապրիլ, քու ճամբայէդ քալել։
Մակար սրբազան նկատել տուաւ, որ ա հրաժեշտ է մեր ամէնօրեայ ընթերցումներուն առանցքը դարձնել Աստուծոյ խօսքը՝ ըմբռնելու Դաւիթ մարգարէի այն յորդորը, որ կ՛ըսէ, թէ ամէն կատարելութիւն սահման մը ունի, մինչ պատուիրաններդ անսահմանօրէն կատարեալ են։
Աւարտին հրաւիրեալները ստացան սրբազան հօր գիրքէն օրինակներ եւ հիւրասիրուելու կողքին զրուցեցին ու կարծիքներ փոխանակեցին։
Աղբիւրը` Գանձասար
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ