TOPSHOT-SPAIN-FLOOD

Սպանիոյ մէջ սաստիկ ողողումները աւելի քան 200 զոհ պատճառեցին

Երեքշաբթի օր Սպանիոյ արեւելքը գտնուող Վալենսիա շրջանի որոշ հատուածներուն մէջ ընդամէնը 8 ժամուան ընթացքին տեղացած է աւելի քան մէկ տարուան չափով անձրեւ, ինչ որ աւերիչ ողողումներ յառաջացուցած է:

Սպանիոյ Վալենսիա շրջանին մէջ սաստիկ ողողումներու զոհերու թիւը հասած է 202-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ կը յայտնեն շրջանային իշխանութիւնները:

Լրատուամիջոցներուն տուեալներով` առնուազն 250 մարդ կը նկատուի անհետ կորսուած: Սպանիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարած է:

Երեքշաբթի օր Սպանիոյ արեւելքը գտնուող Վալենսիա շրջանի որոշ հատուածներուն մէջ ընդամէնը 8 ժամուան ընթացքին տեղացած է աւելի քան մէկ տարուան չափով անձրեւ, ինչ որ աւերիչ ողողումներ յառաջացուցած է:

Ողողումները աւերած են ամբողջ գիւղեր, մեծ թիւով մարդոց ճակատագիրը կը մնայ անյայտ, զոհերու թիւը կրնայ աւելնալ:

Աղբիւրը` Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/11/2024, 07:37