ՔՈՓ29-ի համաձայնագիրը որդեգրուեցաւ, սակայն ոչ բոլորը գոհ են արդիւնքէն
ՔՈՓ29 խորհրդաժողովի մասնակից երկիրները համաձայնած են տարեկան 300 միլիառ տոլար տրամադրել` օգնելու զարգացող երկիրներուն դիմակայելու կենսոլորտային փոփոխութիւնները:
Երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք գոյացած գործարքին որոշ պատուիրակներ յոտնկայս ծափահարած են ինքնին ՔՈՓ29-ի լիագումար նիստի դահլիճին մէջ: Միւսները քննադատած են հարուստ երկիրները աւելին չընելու համար, իսկ հիւրընկալող Ազրպէյճանը` ծրագիրին հապճեպ հաւանութիւն տալու համար:
ՄԱԿ-ի կենսոլորտի ղեկավար Սամըն Սթիլ խոստովանած է, որ բանակցութիւնները բաւական դժուար եղած են:
«Սակայն, մենք աւարտեցինք», ըսած է Սթիլ` աւելցնելով. «Այս գործարքը պիտի աջակցի մաքուր ուժանիւթի աճին եւ պիտի պաշտպանէ միլիառաւոր կեանքեր»:
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ տարեկան 300 միլիառ տոլարի ֆինանսաւորում մինչեւ 2035 թուականը` հիմնուելով հարուստ երկիրներու նախկին պարտաւորութիւններուն վրայ:
Բանակցութիւնները պէտք էր աւարտէին ուրբաթ օր, սակայն ձգձգուեցան, որովհետեւ գրեթէ 200 երկիրներու ներկայացուցիչները չէին կրնար համախոհութեան հասնիլ:
Աւարտէն ետք ալ Հնդկաստանի ներկայացուցիչը դժգոհած է, որ «այս փաստաթուղթը ոչ այլ ինչ է, քան պատրանք», եւ որ անիկա պիտի չլուծէ խնդիրի տարողութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսն ալ, իր կարգին, յայտարարած է, որ աւելի յաւակնոտ արդիւնքի յոյս ունէր:
Աղբիւրը` Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ