Israel, Hezbollah agree to ceasefire brokered by U.S. and France

Ուժի մէջ մտաւ Իսրայէլի և Հըզպալլայի միջև հրադադարը

Հրադադարը ուժի մէջ մտնելէն առաջ Իսրայէլի բանակը բուռն յարձակումներ կատարեց Պէյրութի ու Լիբանանի այլ հատուածներուն վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ 

Իսրայէլի և լիբանանեան «Հըզպալլահ» խմբաւորման միջև հրադադարը ուժի մէջ մտաւ այսօր` 27 նոյեմբերի առաւօտեան։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարած էր որ կողմերը ընդունած էին ԱՄՆ-ի և Ֆրանսայի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած համաձայնագիրը:

Լիբանանի հարաւէն վերջին ամիսներուն տեղահանուած մարդիկ սկսան վերադառնալ իրենց տուները։

Ըստ հրադադարի համաձայնագրին՝ պէտք է վերջ դրուի Իսրայէլ Լիբանան սահմանին վրայ 2023էն ի վեր տիրող հակամարտութեան, Կազայի մէջ Իսրայէլի և պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ-ի խմբակցութեան միջև ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ։

Պայտընը յայտնեց, որ Իսրայէլը աստիճանաբար դուրս պիտի բերէ իր ուժերը 60 օրուայ ընթացքին, իսկ Լիբանանի բանակը իր վերահսկողութեան տակ պիտի առնէ Իսրայէլի հետ սահմանին գտնուող տարածքները՝ ապահովելու, որ «Հեզպալլան» չվերակառուցէ իր ենթակառուցուածքը։

Ֆրանսիայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնն X սոցիալական հարթակի վրայ գրեց, որ հրադադարը Իսրայէլի և Լիբանանի իշխանութիւններու հետ ձեռնարկուած մի քանի ամսուայ ջանքերուն արդիւնքն էր՝ ԱՄՆ-ի հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Հրադադարը ուժի մէջ մտնելէն առաջ Իսրայէլի բանակը բուռն յարձակումներ կատարեց Պէյրութի ու Լիբանանի այլ հատուածներուն վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2024, 08:30