Թուրքերը որոշած են վերականգնել Մարութավանքը
«Ակունք» թրքական մամուլէն առնելով` թարգմանաբար կը հաղորդէ, որ պաշտօնապէս ներկայիս Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող Պաթման նահանգի Սասուն գաւառի Մարութայ լերան գագաթին կառուցուած հայկական Բարձր Աստուածածին վանքի վերականգնման որոշում տրուած է: Այդ մասին յայտնած է Պաթմանի նահանգապետ Էքրեմ Ճանալփը:
Պաթմանի նահանգապետը նշած է, որ 2973 մեթր բարձրութիւն ունեցող Մարութայ լերան հայկական եկեղեցին պիտի վերանորոգէ յատուկ վարչութեան գլխաւոր քարտուղարութիւնը:
Թուրք նահանգապետը նաեւ յայտնած է, որ եկեղեցւոյ եւ ճամբաներու վերանորոգութենէն ետք Պաթմանը` Հասանքէյֆի նման, կը մտադրեն տեղացի եւ օտար զբօսաշրջիկներուն համար զբօսաշրջութեան վայր դարձնել:
Յիշեցնենք, որ Մարութայ կամ Մարաթուկ լերան Բարձր Աստուածածին հայկական վանքը եղած է Սասունի նշանաւոր ուխտավայրը: Ըստ «Սասնայ ծռեր» վէպին, Մարութավանքը կառուցած են Սանասարն ու Պաղտասարը, եւ վերակառուցած է Դաւիթը: Վանքը բաղկացած էր փոքր, միանաւ եկեղեցիէ, շրջապատուած` ուղղանկիւն յատակագիծով եւ անմշակ քարերէ շարուած պարիսպով:
Աղբիւրը՝ Ազդակ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ