Երեւանի Հիմնադրութեան տարեդարձին նուիրուած ցուցահանդէս՝ Ուրուկուէյի «Քարասքօ» միջազգային օդակայանին մէջ
15 Նոյեմբերին, Երեւանի հիմնադրութեան 2806ամեակին առիթով, Ուրուկուէյի միջազգային «Քարասքօ» օդակայանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Երեւան. հինաւուրց եւ ժամանակակից» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին։ Ներկայ եղան Ուրուկուէյի փոխնախագահ Պէաթրիս Արխիմոն, Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Անա Օլիվերա, Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետ Մաուրիսիօ Զունինօ, Ազգային պաշտպանութեան փոխնախարարը, օտար երկիրներու բազմաթիւ դեսպաններ եւ այլ բարձրաստիճան հիւրեր:
Բացման արարողութեան ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի դեսպան Մարիամ Գէորգեան՝ անդրադառնալով Երեւանի հիմնադրութեան պատմութեան եւ մայրաքաղաքի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւններուն։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վերոնշեալ օդակայանի տնօրէնութեան՝ դեսպանութեան կազմակերպած այս նախաձեռնութեան աջակցելուն համար:
Ելոյթներով հանդէս եկան եւ Երեւանի մասին իրենց տպաւորութիւններուն մասին պատմեցին նաեւ Ներկայացուցիչներու տան նախագահը եւ փոխնախագահը, որոնք անցեալ Օգոստոսին պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուէին Հայաստան:
Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 Դեկտեմբեր:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ