Որոնել

Աթէնքի Մէջ՝ Հայաստան-Յունաստան, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս պաշտպանական խորհրդակցութիւններ Աթէնքի Մէջ՝ Հայաստան-Յունաստան, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս պաշտպանական խորհրդակցութիւններ 

Աթէնքի Մէջ՝ Հայաստան-Յունաստան, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս պաշտպանական խորհրդակցութիւններ

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:

Աթէնքի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, հաղորդեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:

Քննարկուեցան պաշտպանական համագործակցութեան ուղղութեամբ 2024ին կատարուած եւ 2025ի կատարուելիք աշխատանքները ։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ արծարծուեցան նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ նոր մօտեցումներու եւ չափորոշիչներու ներդրումի հարցերը:

Այվազեան կարեւոր նկատեց Յունաստանի ու Կիպրոսի ներդրումը Հայաստանի զինուած ուժերու զանազան զօրատեսակներու պատրաստութեան, ռազմական կրթութեան, վարժութիւններու եւ զօրավարժութիւններու, փորձառութեան փոխանակման, խորհրդատուական աջակցութեան եւ այլ ուղղութիւններով:

Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն:

Խորհրդակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցան Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական համագործակցութեան 2025ի ծրագիրները:

Աղբիւրը՝ Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2024, 08:58