Աթէնքի Մէջ՝ Հայաստան-Յունաստան, Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս պաշտպանական խորհրդակցութիւններ
Աթէնքի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններ, հաղորդեց Հայաստանի ռազմական գերատեսչութիւնը:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան:
Քննարկուեցան պաշտպանական համագործակցութեան ուղղութեամբ 2024ին կատարուած եւ 2025ի կատարուելիք աշխատանքները ։
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ արծարծուեցան նաեւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ նոր մօտեցումներու եւ չափորոշիչներու ներդրումի հարցերը:
Այվազեան կարեւոր նկատեց Յունաստանի ու Կիպրոսի ներդրումը Հայաստանի զինուած ուժերու զանազան զօրատեսակներու պատրաստութեան, ռազմական կրթութեան, վարժութիւններու եւ զօրավարժութիւններու, փորձառութեան փոխանակման, խորհրդատուական աջակցութեան եւ այլ ուղղութիւններով:
Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային ռազմաքաղաքական վերջին զարգացումներուն:
Խորհրդակցութիւններու աւարտին ստորագրուեցան Հայաստան-Յունաստան երկկողմ եւ Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական համագործակցութեան 2025ի ծրագիրները:
Աղբիւրը՝ Ասպարէզ
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ