Ֆրանսուա Պայրուն Ֆրանսուա Պայրուն   (ANSA)

Մաքրոն Պայրուն նշանակեց Ֆրանսայի վարչապետ

73 տարեկան Պայրուն Մաքրոնի պաշտօնավարման ընթացքին Ֆրանսայի 4-րդ վարչապետն է: Անոր նախորդը` Միշել Պառնիէն, պաշտօնավարած է ընդամէնը 3 ամիս ու պաշտօնէն հեռացուած խորհրդարանին կողմէ անվստահութեան քուէ ստանալէ ետք:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն կեդրոնամէտ քաղաքական գործիչ Ֆրանսուա Պայրուն նշանակած է երկրի նոր վարչապետ` փորձելով վերջ դնել քանի մը ամիսէ ի վեր շարունակուող քաղաքական անկայունութեան: Այս մասին կը գրէ «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Մաքրոնի դաշնակից Պայրուն կը գլխաւորէ Ժողովրդավարական շարժում կուսակցութեան:

73 տարեկան Պայրուն Մաքրոնի պաշտօնավարման ընթացքին Ֆրանսայի 4-րդ վարչապետն է: Անոր նախորդը` Միշել Պառնիէն, պաշտօնավարած է ընդամէնը 3 ամիս ու պաշտօնէն հեռացուած խորհրդարանին կողմէ անվստահութեան քուէ ստանալէ ետք:

Ֆրանսայի մէջ քաղաքական անկայունութիւնը սկսաւ, երբ Մաքրոն ամրան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակեց: «Պէ.Էֆ.Էմ.Թէ.Վէ.»-ի համար կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ ֆրանսացի քուէարկողներուն 61 առ հարիւրը մտահոգ է քաղաքական իրավիճակով:

Մաքրոն, ճգնաժամի լոյսին տակ, ըսած է, որ իր պաշտօնավարումը պիտի շարունակէ մինչեւ 2027 թուական` իր երկրորդ նստաշրջանի աւարտը:

Աղբիւրը՝ Ազդակ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2024, 09:17