2024.12.05 Manoscritti armeni

Մատենադարանին 74 հազար տոլար յատկացուեցաւ` Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիր մատեանները վերականգնելու եւ հանրային դարձնելու համար

Ծրագիրին ծիրին մէջ ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադաւանքի, Գտչավանքի եւ հայկական այլ միջնադարեան վանքերու մէջ 13րդ-18րդ դարերուն գրուած եւ նկարազարդուած այնպիսի ձեռագիրներ, եզակի արխիւային վաւերագիրներ, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական անցքերու վրայ:

Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գրչագրուած ժառանգութեան վերականգնմանն ու հանրայնացման» վերաբերող ծրագիրի շնորհահանդէսը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանին մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամին աջակցութեամբ, որ Մատենադարանին 74 հազար տոլար յատկացուցած է` Արցախի մէջ գրչագրուած ձեռագիր մատեաններու եւ անոր հնագոյն պատմութեան վերաբերող բացառիկ վաւերագիրները վերականգնելու եւ հանրային դարձնելու համար:

Ծրագիրին ծիրին մէջ ընտրուած են Գանձասարի, Դադիվանքի, Գնդեվանքի, Խադաւանքի, Գտչավանքի եւ հայկական այլ միջնադարեան վանքերու մէջ 13րդ-18րդ դարերուն գրուած եւ նկարազարդուած այնպիսի ձեռագիրներ, եզակի արխիւային վաւերագիրներ, որոնք լոյս կը սփռեն հայկական հարուստ մշակութային ժառանգութեան եւ պատմական անցքերու վրայ:

Իր ելոյթին ընթացքին, Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանին՝ այս շատ կարեւոր ծրագիրի իրականացման աջակցելուն համար։

Ան հաստատեց, որ ծագումով հայկական այս ժառանգութիւնը, այդուհանդերձ, համաշխարհային մշակոյթի փաստ է եւ համաքրիստոնէական նշանակութիւն ունեցող արժէք, ինչ որ կը նշանակէ` համաքրիստոնէական պատասխանատուութեան առարկայ:

Խօսք առին նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քրիսթինա Քվիըն:

Քվիըն ընդգծեց, որ ինք հիացած է Մատենադարանին կողմէ իրականացուող հսկայական աշխատանքով եւ միշտ սիրով կ՛այցելէ հոն: «Ինծի համար այսօր յատուկ կարեւորութիւն ունի այստեղ ներկայ գտնուիլ եւ ազդարարել այս ծրագրին մեկնարկը, որուն տակ աշխատանքներ պիտի կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի ձեռագիր մատեաններու պահպանման ուղղութեամբ: Մշակութային ժառանգութիւնը եւ արժէքները, որոնք կան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պէտք է միանշանակ պահպանուին», ըսաւ Քվիըն։  

Ծրագրի իրականացման վերաբերեալ զեկուցումներ ներկայացուցին Մատենադարանի զարգացման խումբի միջազգային կապերու պատասխանատու Սոնա Բալոյեան եւ Միջնադարեան արուեստի բաժնի աւագ գիտաշխատող Լուսինէ Սարգսեան:

Ձեռնարկին ընթացքին Գուրգէն Դաբաղեանի կատարումով հնչեց «Ղարաբաղի Հորովելը» եւ ելոյթ ունեցան «Մեկնարկ» տաղանդի զարգացման նպատակային ծրագիրի պատանիները:

Աղբիւրը` Ասպարէզ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2024, 09:00